Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեանի Աւագութեան Շնորհում

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Յովհաննէս Մկրտիչի ծնողքի կեանքին մասին, թէ ինչպէ՛ս Երուսաղէմի մէջ կ՛ապրէր Զաքարիա անունով քահանայ մը, որ իր կնոջ` Եղիսաբեթին հետ հասած էր ծերութեան տարիքին, սակայն չէր կրցած զաւակ ունենալ որովհետեւ իր կինը ամուլ էր, սակայն օր մը երբ Զաքարիա տաճարին մէջ պաշտամունք կը կատարէր Տիրոջ հրեշտակը երեւեցաւ եւ անոր ըսաւ, որ զաւակ մը պիտի ունենայ եւ զայն կոչէ Յովհաննէս, որ ոչ միայն իրեն ուրախութեան պատճառ պիտի ըլլայ այլեւ` շատեր անոր ծնունդով պիտի ուրախանան: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Յովհաննէս իր բարեպաշտ ծնողքին հոգատարութեամբ մեծնալէ ետք անապատ քաշուեցաւ եւ երեսուն տարեկանը բոլորելէ ետք ասպարէզ ելաւ` բազմութիւնները ապաշխարութեան հրաւիրելով: «Իր կենցաղը բոլորովին անսովոր էր: Արդարեւ, ան ո՛չ իր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ հագուստով կը պատշաճէր իր ժամանակին ու միջավայրի պայմաններուն: Բայց անոր պատգամը ազդու էր, որովհետեւ ինքզինք չի քարոզեր, այլ շշմեցուցիչ անկեղծութեամբ մարդոց մեղքերն ու անօրէնութիւնները թուելով` Աստուծոյ ահեղ դատաստանին կրակը կը յիշեցնէր եւ մարդիկը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը բացատրեց, որ այսօր ալ ծանօթացնելու համար զաւակը նախ կ՛ակնարկենք ծնողին, որոնց դրոշմը կը ճառագայթէ զաւակներուն վրայ, աւելցնելով, որ Աստուած պատահականութեան չէ ձգած մեր զաւակներուն կեանքը, այլ զանոնք հաստատած է ընտանեկան պայմաններու մէջ, որպէսզի ծնողաց դաստիարակութեամբ մեծնան եւ իրենց շնորհքները ճառագայթեն շրջապատին վրայ:

Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ Աստուած մեր տրամադրութեան տակ ամէն տեսակի անհրաժեշտ միջոցներ դրած է, եւ հարց տուաւ, թէ կրնա՞նք Աստուծոյ տուածը ճիշդ գործածել: Սրբազանը ըսաւ` Աստուած ոչ միայն զաւակներ կը շնորհէ, այլեւ ամէն տան մէջ օրհնութիւններ զետեղած է, ամէն մարդու շնորհք մը ու ձիրքեր տուած է, որոնք պէտք է ոչ միայն օգտագործուին, այլ զարգանան ու աճին մարդկային մեր կեանքի վերելքին ու յառաջդիմութեան համար, եւ անոնք, եթէ ճիշդ օգտագործուին, անոնց վրայ կրնայ նաեւ աւելնալ աստուածային օրհնութիւնը, որ պարգեւն է հաւատքի կեանքին:

Սրբազանը շեշտեց, որ այսօր մեր ուշադրութիւնը դէպի մեր զաւակները ուղղելը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ու պահանջ բոլորիս համար, եւ իբրեւ ծնողներ ու չափահասներ` պէտք է գիտակից եւ ամուր մնանք մեր նուիրական դերին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդը չկորսնցնէ իր հաւատքը եւ այլասերելով` օտարացման ճամբան չբռնէ:

Ան նշեց, որ Յովհաննու Կարապետի յիշատակութեան այս առիթը հոգեւոր պատրաստութեան հրաւէր է այս եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, աւելցնելով, որ Աստուծմէ կը յուսանք, սակայն կը խուսափինք Աստուծոյ կեանքէն եւ իր տուած պարտականութիւններէն: «Անապատի վերածուած է մեր ալ կեանքը. այլ խօսքով, մեր կեանքը սնուցանող նոր արժէքներ կերտելու ու կենարար նոր աշխատանք տանելու տրամադրութիւն չէ մնացած մեր ժողովուրդին մէջ», հաստատեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ յորդորեց ներկաները` անդրադառնալու, որ պէտք է բարոյականն ու աստուածայինը առաջնորդեն մեր ձգտումները, որպէսզի աշխարհի ապականող ու մահաբեր ազդեցութիւններուն դէմ, մենք կարենանք  քրիստոնէավայել կեցուածք ցոյց տալ եւ մեր օրինակով գալիք սերունդներուն ամրութեան համար աւանդ ստեղծել:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ «Պէաթրիս Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Թաղականութեան ատենապետ Քրիստ Աճեմեան յայտնեց, որ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին` որպէս վահան եւ սրբութիւն, իւրաքանչիւրին համար եղաւ ու կը մնայ խաղաղութիւն տարածող այն սրբավայրը, ուր բոլորս միասնաբար ապրեցանք ու կ՛ապրինք հոգեկան խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ հաւատքի արթնութիւն: Վերյիշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այն խօսքը, որ եկեղեցին գեղեցիկ, քարէ շէնքը չէ, այլ` մե՛նք ենք` հաւատացեալներս, ան հաստատեց, որ հայաշէնցիները այս գիտակցութեամբ, նաեւ` գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, իրենց կարելին կ՛ընեն իրենց առաքելութեամբ եւ ներկայութեամբ առաւել եւս պայծառացնելու եւ կանգուն պահելու Հայաստանեայց եկեղեցին: Աճեմեան հաստատեց, որ  եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, նաեւ` շրջանի կոմիտէն, ԼՕԽ-ը, մարմինները, բարերարները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, միասնաբար ձեռք-ձեռքի եւ սիրտ-սիրտի շէնցուցին, բարեզարդեցին եւ պայծառացուցին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին` հաւատալով անոր զօրութեան, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան` իւրաքանչիւրի կեանքէն ներս, եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն նոյն նուիրուածութեամբ: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Սրբազան Հօր հետեւողականութիւնը եւ խոհեմ թելադրանքները օգնեցին, որ թաղականութեան կազմը առաւել եւս գիտակից կերպով կատարէ իր առաքելութիւնը, կազմակերպուածութեամբ պահէ ու գործադրէ հին դարերէն մեր եկեղեցւոյ մէջ հաստատուած աւանդութիւնները:

Սրբազան Հայրը, իր կարգին, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, գնահատեց թաղականութեան կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեանի 30-ամեայ ծառայութիւնը, որուն 10 տարին` Ս. ՅովհաննուԿարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը «աւագ»-ութեան աստիճան կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեանին, որուն յանձնեց սրբատառ կոնդակը: