Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Դասախօսութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Մէջ «Առողջ Միտք` Առողջ Մարմինի Մէջ» Նիւթով

2 փետրուարին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ միտք` առողջ մարմինի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները: Օրուան բանախօսն էր Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան:

Նաճարեան բացատրեց մաքրութեան կարեւորութիւնը, թէ ինչպէ՛ս մաքրութիւնը մեզմէ հեռու կը պահէ մանրէները եւ հիւանդութիւնները: Ան անդրադարձաւ դէմքի, բերանի, ակռաներու, ականջի, մազերու, մարմինի, ձեռքերու, ոտքերու, եղունգներու մաքրութեան եւ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ իւրաքանչիւրին մաքրութեան եւ հակառակ պարագային անոնց ունեցած հակազդեցութեան մասին: Դէմքի պարագային, ան շեշտեց, որ անոր մաքրութիւնը շատ կարեւոր է առողջութեան համար, աւելցնելով, որ օրուան ընթացքին դէմքը յաճախակիօրէն կ՛ենթարկուի մանրէներու, ապականութեան, ժահրերու, աղտերու  «յարձակման», հետեւաբար օրական դրութեամբ դէմքը լուալը կը մաքրէ զանոնք եւ թարմ կը պահէ դէմքը: Ան կարեւոր նկատեց բերանի, ակռաներու մաքրութիւնը` յորդորելով աշակերտները, որ օրական երկու անգամ խոզանակեն իրենց ակռաները: Ան ըսաւ, որ պէտք է մաքուր պահել ականջները, սակայն` զգուշութեամբ մաքրել զանոնք, իսկ մազի պարագային ան շեշտեց զանոնք միշտ լուալու եւ մաքուր պահելու կարեւորութիւնը: Մարմինի պարագային, ան ըսաւ, որ լաւագոյն միջոցը` խուսափելու մարմինի գէշ հոտերէն, օրական դրութեամբ լոգանք առնելն է, որ կը հեռացնէ մանրէները մարմինէն, իսկ ձեռքերու պարագային, ան շեշտեց, որ շատ կարեւոր է ձեռքերը յաճախակիօրէն լուալ` խուսափելու համար հիւանդութիւններէ, որոնք դիւրութեամբ կը տարածուին ձեռքերու միջոցով, եւ բացատրութիւններ տուաւ, թէ ե՛րբ պէտք է լուալ զանոնք: Եղունգներու մաքրութեան մասին Նաճարեան շեշտեց զանոնք կտրելու եւ մաքուր պահելու կարեւորութիւնը` անդրադառնալով նաեւ ոտքերու մաքրութեան, զանոնք օրական դրութեամբ լուալու եւ եղունգները կտրելու:

Շարունակելով իր խօսքը` Նաճարեան անդրադարձաւ արբունքի շրջանին, որ աղջիկներու եւ տղոց պարագային պատճառ կը դառնայ, որ մարմինը փոփոխութեան ենթարկուի եւ շեշտեց այդ փուլին մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ, թէ երկուստեք ինչպէ՛ս կրնան մաքուր պահել իրենց մարմինը յատկապէս արբունքի շրջանին: