Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. «Մեր Սուրբերուն Օրինակով Փարինք Աստուծոյ Ու Սպառազինուինք Անով» Պատգամեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան, շաբաթ` 27 յունուարին, կ.ե. ժամը 4:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, փոքրերու յայտագիր` մասնակցութեամբ «Օրօրիկ» մանկապատանեկան խումբին, գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին, պուզուքահար Յարութ Կիւլիւզեանի, երգեհոնահար Աւօ Չայլեանի, Տի. Ճէյ. Յովսէփ Թերզեանի, երգիչներ` Մհեր Չափարեանի, Անդօ Մարտիրոսեանի, Կասիա Շատարեւեանի, Սերժ Ահարոնեանի, Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի եւ Ղազար Քէօշկերեանի` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Կիրակի, 28 յունուարի առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Արագած» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Այս առիթով տրուած իր քարոզին մէջ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր անձ սրբազան պարտականութիւն ունի կեանքի մէջ ինքզինք պաշտպանելու` շեշտելով սակայն, որ առանց Աստուծմով պաշտպանուած ըլլալու, վստահաբար պիտի չյաջողի, իսկ` Աստուծմով սպառազինուած, անկասկած, որ կեանքէն եկող տեսակաւոր փորձութիւններուն, տագնապներուն կուրծք տալով կը յաջողի կանգուն մնալ:

Առաջնորդը անդրադարձաւ յիշատակին Ս. Սարգիս զօրավարին, անոր որդւոյն` Մարտիրոսի եւ 14 զօրականներու, որոնք 4-րդ դարուն հաւատքի պաշտպանութեան համար նահատակուեցան, որպէսզի քրիստոնէական մեր հաւատքը յարատեւէ: Այդ նպատակին համար ալ անոնք իրենց անձերը ընծայեցին` քաջ գիտնալով, որ անոնց օրինակին հետեւողներ անպայմանօրէն իրենց ձգտումներուն ընդմէջէն պիտի ապրեցնեն անոնց յիշատակը, բայց մանաւանդ պիտի ապրեցնեն քրիստոնէական հաւատքը, այսինքն` կեանքէն ներս պիտի պաշտպանեն այն` ինչ որ Աստուած իբրեւ նուիրական սրբութիւն եւ իբրեւ արժէք զետեղած է: Սրբազան Հայրը ամփոփ տեղեկութիւններով ներկայացուց Ս. Սարգիս զօրավարին կեանքն ու նահատակութիւնը` շեշտելով, որ Ս. Սարգիս ոչ միայն իր զինուորական պարտականութիւններուն մէջ գիտակից եւ նուիրեալ էր, այլ նաեւ իր հաւատքին հանդէպ ունէր պաշտամունք եւ կը փորձէր, նաեւ իր շրջապատը վերածել աստուածահաճոյ միջավայրի եւ իր օրինակով շատերը հաւատքի կ՛առաջնորդէր: Ան նաեւ կ՛օգնէր կարիքաւորներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հաստատեց, որ եկեղեցին իր սուրբերը կը յիշատակէ, որպէսզի մարդիկ անդրադառնան, թէ այս աշխարհին մէջ եղած են անձնաւորութիւններ, որոնք կեանքով պաշտպանած են այն, ինչ որ սուրբ է եւ նուիրական: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ դժուար փուլեր եղած են, բայց ոչ մէկ ժամանակ մեր կեանքը այդքան գայթակղեցուցիչ եւ այդքան փորձութիւններով լեցուն եղած է: Ան շեշտեց, որ մեր սուրբերուն կեանքի օրինակին նայելով պէտք է հոգեպէս ձգտինք ինքզինքնիս պաշտպանելու փորձ կատարենք եւ այդ մէկը ընելու համար պէտք է Աստուծմով սպառազինուինք, այսինքն` փարինք Աստուծոյ, Անոր պաշտպանութիւնը աղերսենք, որպէսզի կարողանանք կեանքէն եկող դժուարութիւնները, տագնապները, տեսակաւոր մեղանչումները մեզմէ հեռու պահել:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: