Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ին Առաջին Հանդիպումը

Չորեքշաբթի, 31 յունուար 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին  ձեռնարկած «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ին առաջին հանդիպումը:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց, որ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ, գործակցաբար Սեն Ժոզեֆ համալսարանին, ձեռնարկած է «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ին, աւելցնելով, որ այս համագործակցութիւնը երրորդն է, որ կ՛իրականացուի համալսարանին հետ:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հիւանդապահուհիներու բաժանմունքի ատենապետ փրոֆ. Ռիմա Քազան Սասին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ծրագիրին իրենց մասնակցութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին, որ զիրար ծանօթացուց եւ իր միջոցաւ համադրուեցան նախորդ երկու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ներկայ ծրագիրը:

Ծրագիրի պատասխանատու դոկտ. Ժիզել Շմալի Հաժալ իր կարգին ողջունեց ներկայ 16 մասնակիցները եւ խնդրեց անոնցմէ, որ ամփոփ կէտերու մէջ իրենք զիրենք ծանօթացնեն, որմէ ետք իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս գործակցութեան համար: Ան անդրադարձաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի օրէնքներուն եւ յորդորեց մասնակիցները, որ որեւէ դժուարութեան պարագային կամ լուսաբանական հարցում եթէ ունենան, անվարան դիմեն իրենց: Ան նաեւ մասնակիցներուն յանձնեց ծրագիրի ժամանակացոյցը եւ բացատրութիւններ տուաւ ծրագիրին մէջ ներառուած դասընթացքներուն մասին: Ան ըսաւ, որ մասնակիցները դասընթացքի աւարտին փորձաշրջան մը պիտի անցընեն Օթել Տիէօ հիւանդանոցի մէջ, ինչպէս նաեւ` «Գարակէօզեան» հաստատութեան կամ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ:

Յայտնենք, որ «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ը սկիզբ առաւ հինգշաբթի, 1 փետրուարին եւ պիտի աւարտի 5 մարտին: