Լիբանանահայ Գաղութի Ներկայացուցիչները Մօտէն Ծանօթացան Ազգային Միացեալ Վարժարանին

Շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները, ներկայութեամբ` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմինի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, պետական երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց եւ

Continue reading

Պուրճ Համուտի Կառոյցներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչներու` Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի կառոյցներու եւ մարզական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու թաղական խորհուրդներու, մամուլի, հայրենակցական միութիւններու, ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ համալսարանական դասախօսներու: Հաւաքի սկզբնաւորութեան, ներկաները դիտեցին վարժարանի մասին տեսերիզ մը, ապա խօսք առին

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարան. Հանդիպում` Ազգային Առաջնորդարանի Բարեկամ Խումբ Մը Տիկիններու Հետ

Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները` ներկայութեամբ Ազգային առաջնորդարանի բարեկամ խումբ մը տիկիններու: Նախ եւ առաջ ցուցադրուեցաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն ընթացքը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան նկատել տուաւ, որ անցնող

Continue reading

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մեծ Ընտանիքը Արժանաւորապէս Նշեց Գիւտ Խաչի Տօնը

Կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Գիւտ Խաչի տօնին առիթով նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս.  Փանոսեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 4-րդ դարուն պատահած դէպքին, երբ Հեղինէ թագուհին գտաւ Քրիստոսի խաչափայտը եւ զայն արժանաւորապէս կանգնեցուց այն վայրին մէջ, ուր

Continue reading

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Տնօրէնը Կ՛արժանանայ «Մայրենիի Պաշտպան» Մրցանակին

Գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան արժանացաւ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակին` հայապահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար: «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակը, որ հաստատուած է 2010-ին, տարեկան կը շնորհուի անհատներու եւ հաստատութիւններու: Աւագեան կրթական իր երեսնամեայ վաստակին եւ հայ մամուլին մէջ քառորդ դարու

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր Ժամը 5:30-Ին,  Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ Շարունակուեցան Նոր Կառոյցի Ծանօթացման Եւ Հաստատութեան Ապագայ Ծրագիրներու Մասին Զեկուցական Հանդիպումները: Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն Անդրադարձող Տեսերիզի Ցուցադրութենէն Ետք Խօսք Առին Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, Հանգանակիչ Մարմինի Ատենապետ Վրէժ Սապունճեան Եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Հանդիպումէն Ետք Ներկաները

Continue reading

Հանդիպում` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութիւններուն Հետ

Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հրաւէրով եւ ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովի անդամներուն,  հինգշաբթի 20 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութիւններուն հետ: Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք Կրօնական ժողովի ատենապետ

Continue reading

Համալսարանական Վաղամեռիկ Փայլուն Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Յիշատակին Հոգեհանգիստի Արարողութիւն October 18, 2016 7:34 AM 0

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 17 հոկտեմբեր 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ համալսարանաւարտ վաղամեռիկ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԵ. տարելիցին առիթով: Ս. պատարագի արարողութենէն ետք, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալին ընտանիքին, հարազատներուն, Ազգային վարչութեան

Continue reading

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ. Վերամուտի Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ

Կիրակի, 16 հոկտեմբեր  2016-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ` Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով: Պատարագեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը, տեսուչներն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ ծառայած ննջեցեալներու ընտանիքները: Արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթացման Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները, ներկայութեամբ` բարեկամներու եւ բարերարներու: Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նորահաս սերունդներու կազմաւորման մարտահրաւէրը այսօր էականն ու գլխաւորն է, եւ

Continue reading