Գնահատանքի Երեկոյ` Ծառայութեան Տարուան Առիթով

  Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գնահատանքի երեկոյի ընթացքին գնահատագիրներ ստացան 30 նուիրեալներ, որոնք 25 տարիէ ի վեր անսակարկ ծառայած են հայ եկեղեցւոյ: Ձեռնարկը

Continue reading

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ  անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 17 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամերգութեան յաջորդեց աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, որոնցմէ ետք մատաղի պատրաստութիւն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, կատարողութեամբ` եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ` եկեղեցւոյ դպրապետ Պօղոս սրկ. Քեսապլեանի: Ձեռնարկին բարի գալուստի

Continue reading

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ 50-Ամեակի Նշում

Անցնող շաբաթավերջին արժանավայել կերպով նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, նաեւ` եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակը: Արդարեւ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Կիրակի, 11 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն  Լիբանանի հայոց

Continue reading

«Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ Եւ Պայծառ Է Մեր Ժողովուրդի Համախումբ Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

 Կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանանի հայոց թեմին տուած այցելութեան վերջին օրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ հանդիսաւորապէս դիմաւորուեցաւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, կազմակերպութիւններու, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն դպրաց դասերուն, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Ի Նպաստ Հանգանակութեան Առաջին Հանգրուանին Գոյացաւ 3 Միլիոն 221.200 Տոլար

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթներով, տեղի ունեցաւ պաշտօնական կալա-ընթրիք մը, ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փաւիյոն Ռոյալ-Պիել»-ի մէջ` ներկայութեամբ ազգային, կրօնական, քաղաքական պատասխանատուներու եւ մարմիններու, բարերարներու, բարեկամներու եւ  հոծ բազմութեան: Կազմակերպուած ձեռնարկը անգամ մը եւս ապացուցեց լիբանանահայ գաղութի

Continue reading

Հայաստան – Լիբանան Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Համագործակցութիւն. Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը Ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով տեղի ունեցող համերգներու ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային ակադեմական երգչախումբը ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, Էշրեֆիէի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ: Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ,

Continue reading

Պաշտօնապէս Կեանքի Կոչուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանը Լիբանանահայութեան Միտքի Ու Հոգիի Նորագոյն Դարբնոցը

Լիբանանահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ: Յաղթանակ մը, որ կը մարմնաւորէ անցեալէն եկած եւ մինչեւ 21-րդ դար հասած հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ձգտումը: Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան պանծալի ու հիասքանչ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ լոյսի ու գիտութեան շքեղ կառոյց մը, որ շուտով պիտի դառնայ լիբանանահայութեան միջնաբերդը,

Continue reading

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Օծման Եւ Գահակալութեան 20-Ամեակին Առիթով. Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբի Հանդիսաւոր Ելոյթը

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբին ելոյթը, ղեկավարութեամբ` մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի: Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային

Continue reading

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ` Սուրիահայ Աշակերտներու Եռամսեայ Դասընթացքի Բացում` Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Նախորդ տարիներու յաջողութենէն քաջալերուած, ուրբաթ, 18 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը սուրիահայ աշակերտներու կրթական դասընթացքին: Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս դասընթացքը կը նպատակադրէ շաբաթավերջերու անվճար դասընթացքներով օգնել Լիբանան ապաստանած սուրիահայ աշակերտներու կրթական դժուարութիւններու յաղթահարման:

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները: Այս անգամ այցելուները խումբ մը տիկիններ էին, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս եւ գործնապէս մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են ու կը կանգնին գաղութի կառոյցներու ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Ծանօթացման հանդիպումին հերթաբար իրենց խօսքերը արտասանեցին Ազգային վարչութեան ատենապետ

Continue reading