Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթութեան Անդրանիկ Հաւաք

Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ էին Ազգային առաջնորդարանի բարեկամներ, բարերարներ, առաջնորդարանի ծրագիրներուն զօրավիգ կանգնող հայորդիներ: Հաւաքը սկսաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներու ամբողջ ընթացքը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ: Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան

Continue reading

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երրորդ Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի երրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ` Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն եւ Ազգային առաջնորդարանի

Continue reading

Վերամուտին Առիթով Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Եւ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանները

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու վերամուտը սկսաւ հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2016-ին, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի  մը մէջ: Առաւօտեան բոլոր Ազգային վարժարաններու աշակերտները վերամուտի առիթով ստացան հաղորդութիւն: Աշակերտութեան բարի եւ արդիւնաբեր վերամուտ մաղթելու նպատակով, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդԳերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Լ. եւ

Continue reading

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը Կը Ստանձնէ Լիբանանահայ 13 Ուսանողներու Հայաստանի Մէջ Ուսման Ծախսերը

  Այսու կը տեղեկացնենք, թէ տարի մը առաջ կատարուած խոստումին համաձայն, «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամը ստանձնած է լիբանանահայ 13 ուսանողներու Հայաստանի մէջ ուսման ծախսերը: Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններէ աւելի քան երկու տասնեակ ուսանողներ անցնող ամիսներուն դիմեցին Ազգային առաջնորդարանի Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութեան, որ դիմումնագիրներու ուսումնասիրութենէն եւ թեկնածուներու հետ հանդիպումներէն ետք,

Continue reading

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Վեհափառ Հայրապետը նախ եւ առաջ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային վարչութեան` շեշտելով, որ

Continue reading

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երկրորդ Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ  ուրբաթ, 5 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն: Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէնը Մասնակցեցաւ Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին

1 օգոստոս 2016-ին, Առնօ Պապաճանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ մասնակցութեամբ 19 երկիրներէ հայկական կրթական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներու` տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի մասնագէտներու: Այս առիթով կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը,

Continue reading

Հաղորդագրութիւն

Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Խառն ժողովը յառաջիկայ երկամեակին համար յառաջացուց Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդը (Նախադատ ատեան), որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները.- – Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքէզեան – Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան – Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ.Կարապետեան

Continue reading

«Ազգային Միացեալ Վարժարան» Համալիրի Կառուցման Մօտալուտ Ամբողջացման Առիթով. Հարցազրոյց Շինարարական Յանձնախումբի Անդամներ Մկրտիչ Եափուճեանի Եւ Յակոբ Լուսարարեանի Հետ

Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելքի հայրենամերձ գաղութները կ՛ապրին ոչ նախանձելի  կացութեան մէջ, յատկապէս` ապահովական ու տնտեսական դիտանկիւնէն: Նաեւ` հաղորդակցութեան թէ այլ մարզերու համաշխարհայնացման հոսանքով ուրուագծուող մարդկային նոր խճանկարը օրինակներ են այն բազմաթիւ արգելակիչ գործօններուն, որոնց կուտակումը անուղղակիօրէն հայը կը մղեն հեռանալու հայակերտման այս ամրոցներէն, արտագաղթելու, աւելի ապահով ու ապրուստի բարեկեցիկ

Continue reading

Հաղորդագրութիւն. Թալին Մարտիրոսեան Նշանակուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէն

Ի հետեւումն մեր 7 յունիս 2016-ին հրապարակած հաղորդագրութեան, ուրախ ենք յայտնելու որ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2016-ին գումարած իր հերթական ժողովին, քննարկելէ ետք Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան կառոյցը, տնօրէն նշանակեց տիկին Թալին Մարտիրոսեանը: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2016-2017 վերամուտին եւ հսկէ դպրոցներու միաւորման եւ Միացեալ

Continue reading