Խաչվերացի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Աւանդական Մատաղի Օրհնութիւն
Խաչվերացի տօնին առիթով կիրակի, 12 սեպտեմբեր 2021-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Խաչերացը պատմական առիթ է` աւելցնելով, որ տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով կը ներկայացուի Քրիստոսի խաչը:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու
Հայ ազգին ճակատագրակից հայ եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՛ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, իր առաջնորդական տարիներէն ի վեր, թարգմանը հանդիսանալով եկեղեցւոյ առաքելութեան, գործնական եւ ծրագրաւորուած քայլերով կը հասնի իր հոգեւոր հօտի զաւակներու կարիքներուն: Այսպէս, Լիբանանի
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախորդ Տարեշրջանը` Բազում Մարտահրաւէրներու Շրջանցման Փուլ
Դժուար է արժեւորել քառամեայ կեանք ու գործունէութիւն ունեցող հաստատութիւն մը, կազմակերպութիւն մը, վարժարան մը, որովհետեւ տակաւին տարիներու վաստակ չէ կապուած անոր անուան: Բայց եւ այնպէս հիմնական է հաւատքով մօտենալ անոր, որպէսզի անիկա վաստակ կերտէ, իր դերակատարութիւնը ամրապնդէ եւ ներդրումը ունենայ գաղութային կեանքին մէջ: Ազգային միացեալ վարժարանը մեծ երազի մը, կրթական
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կիրակի, 15 օգոստոսին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու Աստուածամօր երկրաւոր կեանքի վախճանի յիշատակը, նաեւ յիշատակը անոր վերափոխման,
Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն. Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ: Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, շաբաթ, 31 յուլիս 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նորոգեալ եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգը: Իր քարոզին սկիզբը Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ներկայ կեանքի
Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Ամբողջացուց Վնասուած Բնակարաններու Եւ Վաճառատուներու Հատուցման Ծրագիրը
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը հինգշաբթի եւ ուրբաթ, 22, 23 յուլիս 2021-ին ամբողջացուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով քանդուած բնակարաններու եւ վաճառատուներու հատուցման ծրագիրը` երրորդ բաժինով 451 հայրենակիցներու նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելով: Այսպիսով իր աւարտին կը հասնի ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ աւելի քան 1900 հայրենակիցներ նիւթական աջակցութիւն ստացան մարմինէն: Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին կողմէ 451
Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Կ՛օժանդակէ 1951 Բնակարաններու Նորոգութեան Աշխատանքին
Յարգելի՛ հայորդի, 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն քանի մը օր ետք, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, որուն մաս կազմեցին լիբանանահայ երեք համայնքներու, երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները: Վերականգնումի մարմինը անմիջապէս անցաւ
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին եւ Հայկազեան Համալսարանի «Writing center»-ին, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, Չորեքշաբթի, 14 Յուլիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:00 տեղի ունեցաւ անգլերէնի ուսուցիչներու առցանց սեմինար մը՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ 8 վարժարաններէ 27 ուսուցիչներու։ Սեմինարին դասախօսն էր Միացեալ Նահանգներու Թենըսի նահանգի Memphis Community college-ի
Վարդավառի Եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան Կամ Պայծառակերպութեան Տօները Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Վարդավառի եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան զոյգ տօներուն առիթով կիրակի 11 յուլիս 2021-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը` անդրադառնալով կրկնակի առիթներուն, յայտնեց, թէ Վարդավառը հակաքրիստոնէական պատմական ժամանակներէն մեզի եկող յիշատակ մըն