«Հայ Դպրոցը` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւր»

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Դուրսի ցուրտին կու գար հակադրուելու աշակերտներուն կայտառութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ յատուկ, Տեառնընդառաջի աւանդական տօնը նշելու վառ պատրաստակամութիւնը: Այսպէս, վերջին դասապահուն, հայկական աւանդութեան հաւատարիմ, դպրոցի աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ խնամակալութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողներ հաւաքուեցան դպրոցի շրջափակին

Continue reading

«Տեառնընդառաջը Միայն Շարականներ Չէ, Միայն Կրակ Վառել Չէ, Այլ Հոգիով Եւ Սրտով Տիրոջ Առջեւ Երթալ Է», Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

Հինգշաբթի, 13 փետրուարի  կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը` որպէս անշարժ տօն, մեր եկեղեցին կը յիշատակէ 14 փետրուարին, այսինքն` Քրիստոսի ծնունդէն

Continue reading

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 8 փետրուարին, մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ: Տեղադրուած էին կրպակներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնները, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ Պուրճ

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդ. Համալսարաններու Արեւելումի Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-5:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարաններու արեւելում` մասնակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան, Լիբանանի ամերիկեան, Պալամանտ, Պէյրութի արաբական, Սեն Ժոզեֆ, Սաժես, Ս. Հոգի, «Էն. Տի. Եու.», «Էյ. Եու. Էս. Թի.», Հայկազեան եւ Անտոնեան համալսարաններուն: Արեւելումի հանդիպումին ներկայ

Continue reading

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Ասպարէզի Ուղղութիւն Շրջանաւարտներու Կողմէ» Նիւթով Արեւելումի Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 18 յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-12:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասպարէզի ուղղութիւն շրջանաւարտներու կողմէ» (Career guidance from the alumni) նիւթով արեւելումի հաւաք մը` մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն: Սրահին մէջ զետեղուած սեղաններու ետին իրենց տեղերը գրաւած

Continue reading

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 12 յունուար 2020-ին նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Իր քարոզին մէջ հայր սուրբը ըսաւ, որ երբ մտածենք մեր հաւատքի զօրացման մասին, հարց կու տանք, թէ ո՞ւր են

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Նոր Տարուան Եւ Սուրբ Ծննդեան Փառատօն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած  իւրայատուկ ձեռնարկով մը հարիւրաւոր փոքրիկներ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տօնեցին Ամանորն ու Ս. Ծնունդը: Շաբաթ, 4 յունուարին քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահը կը կրէր նոր տարազ մը. ամէն կողմ` գունագեղ կրպակներ, համադամ ուտելիքներ,  Կաղանդ պապուկին տնակը ներկայացնող գեղեցիկ բեմ մը, Ամանորի

Continue reading

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Պատարագի ընթացքին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան ընթերցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի «Օրհնութեան գիր»-ը` ուղղուած

Continue reading

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր. 2019-2020 Կրթական Տարեշրջանին Առայժմ Հանգանակուեցաւ 94.000 Ամերիկեան Տոլար

Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիրը 2019-2020 տարեշրջանին մեծ թափով վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` շնորհիւ բարերարներու մեծաթիւ մասնակցութեան, հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններուն: Այս ծրագիրը կը միտի նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցիլ ազգային վարժարաններու աշակերտներուն, տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող իւրաքանչիւր աշակերտին ապահովելով 250 ամ. տոլարի օժանդակութիւն: Առ այդ, 2019-2020 կրթական տարեշրջանին առայժմ հանգանակուեցաւ

Continue reading

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով. Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Եւ Ս. Ստեփանոսի Մասունքով Ջրօրհնէք

Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն տօնին առիթով,  հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւներէն Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի կողմէ: Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Continue reading