Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան
Լիբանանահայ կառոյցներու ծանօթացման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր դիմաւորուեցաւ կառոյցի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանը շրջագայելով կեդրոնին մէջ, մօտէն ծանօթացաւ բուժարանի բաժանմունքներուն եւ աշխատանքներուն: Ապա Առաջնորդ Սրբազանը կեդրոնի սրահին
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Երեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը հաճոյքը ունեցաւ ընդունելու այցելութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի: Աշակերտութիւն եւ ուսուցչական կազմ «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը, որուն կ՛ընկերակցէին վարժարանի տնօրէն-խորհուրդի անդամներն ու խնամակալութեան ատենապետը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով
Հաղորդագրութիւն
Ազգային առաջնորդարանի գերեզմանատուներու բարեզարդման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան նորոգութիւններու աշխատանքներուն առաջին փուլը: Գերեզմանատան մուտքն ու գլխաւոր անցքերը, սալայատակները եւ ընդունարանը նորոգուեցան, հիմնական անցքին վրայ տեղադրուեցան նստարաններ եւ մեծ ծածկոյթ մը: Այս աշխատանքները կատարուեցան Հրայր, Լորի եւ Հայկ Պօղոսեաններուն կողմէ` ի յիշատակ իրենց ողբացեալ մեծ հօր ու
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչաց Համագումար
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, 28, 29 եւ 30 սեպտեմբեր 2018-ին, «ՔՋԱԿ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց համագումար վերամուտի առիթով: Համագումարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ նշեց, թէ վերամուտի նախօրեակին վերաորակաւորման եւ աշխատանքներու վերադասաւորման նպատակադրումով նմանօրինակ հաւաքները ե՛ւ շահեկան են,
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով
Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, երէկ` կիրակի, 30 սեպտեմբեր 2018-ին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ մէջ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը նշելը
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց «Գարակէօզեան»-ի Եւ «Ճինիշեան»-ի Կեդրոնները
Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, այցելեց «Գարակէօզեան» հաստատութիւն` ծանօթանալու հաստատութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն: Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորեցին հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամները: Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս շրջագայեցաւ հաստատութեան մանկաբուժարանի, պատուաստներու,
2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի
Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը իր դռները բացաւ ընդունելու համար իր աշակերտները, որոնք ամառուան արձակուրդէն ետք կը վերադառնային իրենց սիրելի վարժարանը: Առաւօտ կանուխ վարժարանին շրջափակի ամիսներու լռութիւնը կը խախտէին փոքր աշակերտներուն ուրախ կանչերն ու խաղերը: Առաջին զանգը հնչեց, աշակերտները կարգապահ շարքեր կազմած` հաւաքուեցան լսելու տնօրէն խորհուրդին խօսքը, զոր
Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան
Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր պատուիրակութեամբ այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ տնօրէնութեան կողմէ: Նախարարը նախ շրջեցաւ վարժարանի բոլոր ենթաբաժինները, այցելեց դասարանները եւ հաւաքական լուսանկար մը ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի
Առաջնորդական Պատգամ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-րդ Տարեդարձին Առիթով
Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան, Մեր հայրենիքի վերանկախացման 27-րդ տարեդարձը բոլոր հայորդիներուս սիրտը եզակի երջանկութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը լեցնէ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Արցախի մէջ եւ թէ՛ հայ սփիւռքի տարածքին: Այսօր աշխարհի ամէնէն խուլ անկիւնն իսկ ապրող հայը պահ մը իր ընթացիկ առօրեայէն կ՛անջատուի եւ իր ներաշխարհին մէջ ու
Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով
Սիրելի՛ լիբանանահայ աշակերտներ, 2018-2019 դպրոցական տարեշրջանը պիտի թեւակոխենք քանի մը օրէն եւ դուք, ամառնային արձակուրդով կազդուրուելէ ետք, պիտի վերադառնաք ձեր կրթական օճախներուն եւ ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն մտերմութեան: Այս առիթով, մանաւանդ ձեզ հա՛յ դպրոցի յարկին տակ ողջունելու երջանկութիւնը ապրելով, պարտք կը զգանք ձեզի յիշեցնելու, թէ դուք անքակտելի մասնիկն էք մեր լիբանանահայ