Աշխատավարձի Յաւելումներու Օրէնքին Գծով. Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Կրթական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչներու Հաւաք` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հաւաք` մօտէն հետեւելու աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքի որդեգրման զարգացումներուն եւ հաւաքաբար մտածելու առկայ բազմատեսակ հարցերու լուծումներուն մասին: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Թեմը Ընտրեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Իր Պատգամաւորները

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Գ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու

Continue reading

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Հատորին Հանդիսաւոր Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորի շնորհահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ

Continue reading

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Ս. Խաչը Հզօրութիւն Է Հաւատքի Ճամբան Բռնողներուն Համար» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը

Կիրակի, 29 հոկտեմբերը իւրայատուկ օր էր Լիբանանի հայոց թեմին մէջ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թեմի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին` Ս. Նշանը հանդիսաւոր արարողութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան` Գիւտ խաչի տօնը: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

Հայկական դպրոցներու կողմէ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն կատարուած այցելութիւնները դարձած են տարիներու աւանդութիւն: Սակայն հետզհետէ անոնք սկսած են աւելի հետաքրքրական դառնալ ի տես «Ազդակ»-ի ծաւալած աշխատանքին, բովանդակութեան, ընդգրկած բաժիններուն եւ արհեստագիտական նորութիւններուն  մասին աշակերտներուն ունեցած տեղեկութիւններուն: «Ազդակ» օրաթերթին եւ անոր աշխատանքներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Ը. դասարանի աշակերտները

Continue reading

Տօնախմբութեան Մթնոլորտ` Լէյլաւանի Մէջ. Օծում` Ֆանարի Մատրան Նորակառոյց Մկրտարանի

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ֆանարի շրջանի հայութեան համար: Արդարեւ, շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, մատրան կողքին գտնուող շրջափակին մէջ տիրեց ընկերային ճոխ մթնոլորտ մը: Շրջանին մէջ

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութիւններով եւ դասարանային աշխատանքներով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր, գրական, գիտական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօը: Նախակրթարանի Տօնակատարութիւն Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն տօնակատարութիւնը: Առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները անգամ մը եւս

Continue reading

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Ս. Պատարագ

Տարիներու աւանդութեան հաւատարիմ, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով հանդիսաւոր Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմին մէջ գործող հետեւեալ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներն ու ուսուցիչները`

Continue reading

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի Յիշատակին

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի  մահուան ԺԶ.  տարելիցին առիթով: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ցաւակցական ընդունելութիւն: Սրբազան Հայրը խօսք առնելով ըսաւ,

Continue reading

Լիբանանահայ 25 Ուսանողներ Հայաստանի Համալսարաններուն Մէջ

Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններէ 13 շրջանաւարտներ, ֆոնտին աջակցութեամբ, իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը պիտի շարունակեն հայաստանեան համալսարաններու մէջ: Անոնք կը միանան անցեալ տարեշրջանին ֆոնտին շնորհիւ Հայաստան մեկնած 12 այլ շրջանաւարտներու` Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն

Continue reading