Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Անուանակոչութիւն
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի 22 հոկտեմբերին նշուեցաւ Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան անուանակոչութեան տօնը, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ, թէ անապատին մէջ քառասուն օր առանձնանալէ եւ սատանային կողմէ փորձուելէ
Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Մեծ Թիւով Հայորդիներ Օգտուեցան «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Նախաձեռնութենէն
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին հինգշաբթի, 19 եւ ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին երկու օրերու վրայ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Անվճար հագուստի աշխարհ» նախաձեռնութիւնը: Արդարեւ, շրջափակին մէջ տեղադրուած էին սեղաններ, որոնց վրայ շարուած էին այր մարդոց, կիներու եւ փոքրերու յատուկ հագուստներ եւ կօշիկներ, ինչպէս
Հաճնոյ Հերոսամարտի 103-Ամեակի Եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Հանդիսաւոր Նշում
Հաճնոյ հերոսամարտի 103-ամեակին եւ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ առիթներով կիրակի, 8 հոկտեմբերին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Արդարեւ, Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, թաղականութեան անդամներուն եւ պատկան մարմիններուն կողմէ, ապա մուտք գործեց
Գործակցաբար Հայկազեան Համալսարանին Հետ. Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Երկօրեայ Սեմինար
Կրթական 2023-2024 տարեշրջանի սեմին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, շաբաթ 23 եւ 30 սեպտեմբեր 2023-ին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան յատուկ կրթական երկօրեայ սեմինար մը, որուն նիւթն էր` «Ուսուցողական ռազմավարութիւնները յառաջիկայ սերունդներու աշակերտներուն համար»:
Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Հայրենի Հողի Պաշտպանութեան Համար Ինկած Նահատակներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար
Հայ եկեղեցւոյ զոյգ հայրապետներու տնօրինութեամբ, կիրակի, 1 հոկտեմբերը հռչակուեցաւ Արցախի համար համազգային աղօթքի օր: Առ այդ, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հայրենի հողի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Կազմակերպութեամբ Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Արցախահայութեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի կողքին ենք» խորագիրով լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտական զօրակցական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, դպրեվանքի տեսչութեան, կրթական մշակներու եւ միջնակարգի ու
Մեր Զաւակները Մեր Դպրոցներուն Մէջ Պէտք Է Գտնեն Ազգային Ուղիղ Ճամբան
Հակառակ մեր դիմագրաւած կեանքի անբաղձալի պայմաններուն եւ ի հեճուկս մեր ապրած տեսակաւոր դժուարութիւններուն ու նաեւ մեզ ապշեցնող անակնկալներուն, ահաւասիկ, հայ դպրոցը հաստատ յանձնառութեամբ դարձեալ իր դռները կը բանայ հայ աշակերտութեան դիմաց, որպէսզի մեր զաւակներուն ճամբով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շունչը վերընձիւղի մեր կեանքին մէջ: Այսօր հայ դպրոցը պէտք է գրաւէ մեր
Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ` Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյնի Օրհնութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի 24 սեպտեմբերին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում մը կատարեց օրուան
Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Մուսա Լերան հերոսամարտի 108-ամեակին եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 84-ամեակին առիթով, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 17 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 7-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութեան, երբ Հերակլ կայսրը անձամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ
«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին Արդիւնքները
23 օգոստոս 2023-ը կը նշէ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 30-ամեակը: 23 օգոստոս 1993-ին, զինակից չորս ընկերներու հետ, Մհեր Ջուլհաճեան նահատակուեցաւ Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ` սահմանապահ դիրքերու ստուգման պահուն, զոհը երթալով ազերիական ականի մը պայթումին: Մհերի նահատակութեան 10-ամեակին` 2003-ին, Ջուլհաճեան ընտանիքին փափաքով եւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդին