Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան եւ նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Լիբանանի հոգեւոր

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանցի Գաղթականներու Զօրակցութեան Երկրորդ Այցելութիւնը Եւ Մարդասիրական Աշխատանքներու Շարունակականութիւնը

Ձմեռնային եղանակի սեմին, հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին անունով, մասնաւոր պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող երկու կեդրոններ, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներ: Վեց անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէին թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր, կը գլխաւորէր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ

Continue reading

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 20 հոկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած նուիրեալներու հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ- պատասխանատու, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանի Ճամբով Զօրակցութիւն Լիբանանցի Գաղթականներուն

Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին անունով  մասնաւոր պատուիրակութիւն մը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող հինգ գաղթավայրեր, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներ: Հինգ անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց թեմի

Continue reading

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում` Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 18 օգոստոսին  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք մեր նախնիներուն օրինակով կատարելու խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը եւ նշելու Աստուածամօր մահուան

Continue reading

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2024 Տարուան Նիստ

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 2024 տարուան նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան բացուած յայտարարեց ժողովը, որմէ ետք ընթացք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի «Հայր մեր» եւ «Զգործս» աղօթքներով:

Continue reading

Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնի Նշում

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, երկուշաբթի, 27 մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ ջրօրհնէք: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով հաւաքուած ենք,

Continue reading

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ի Վկայագիրներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին, ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշի, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեանի, երկուշաբթի, 27 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին

Continue reading

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ 21-ՐԴ ՄՐՑԱՆՔԸ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 25 մայիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական 21-րդ մրցանքը: Մրցանքին սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան։ ԱՆ ուրախալի նկատեց այն երեւոյթը, որ 21-րդ տարին ըլլալով հայ աշակերտներ կը հաւաքուին

Continue reading

Մայիսեան Անկախութեան 106-րդ Տարեդարձին Առիթով. Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Դրօշի Օրհնութիւն

Մայիսեան անկախութեան 106-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 26 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս ս. պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք: Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որ մատուցեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Պատարագի

Continue reading