Լիբանանի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտի Միօրեայ Աշխատանքային Հաւաք Եւ Սուրբ Պատարագ
Շաբաթ, 11 եւ կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին աշխատանքի եւ յատուկ աղօթքի ու պատրաստութեան օրեր էին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուներուն համար: Արդարեւ, շաբաթ, 11 հոկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց վերամուտի միօրեայ աշխատանքային հաւաք` գլխաւորութեամբ վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի: Օրը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որ
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2025-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթերեանի յատուկ տնօրինումով, այցելեցին Զմմառի վանք, ուր ընդունուեցան մայրավանքի ներքին մատակարար, թանգարանապետ եւ մատենադարանապետ Նարեկ
Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս կը յիշատակէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը եւ այս առիթով երախտագիտութեամբ պատիւ կ՛ընծայէ` հայ գիրերու գիւտի հեղինակ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին ու անոնց անմիջական աշակերտներուն ու հետեւորդներուն, որոնք 5-րդ դարէն սկսեալ սեփական գիր ու գրականութեան ճամբով ո՛չ միայն մտքի լոյս բերին հայ ժողովուրդին
ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԱԶԳ․ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ-ԽՐԻՄԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱՄ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ազգային իշխանութեան որոշումով, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէն նշանակուած է Արամ Սարգիսեան։ Արամ Սարգիսեան աւարտած է Լիբանանեան Պետական Համալսարանի հոգեբանութեան բաժինը։ Հետեւած է նաեւ մագիստրոսի վկայականի դասընթացքներու եւ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը։ Արամ Սարգիսեան Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի շրջանաւարտ է եւ հինգ տարիէ կը պաշտօնավարէ վարժարանին մէջ։ Միաժամանակ, ան
Ազգային Վարժարաններու Փայլուն Յաջողութիւնը Պետական Պաքալորէայի Քննութիւններուն
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ 2024-2025 տարեշրջանի պետական Պաքալորէայի եւ թեքնիք Պաքալորէայի քննութիւններուն ազգային վարժարանները արձանագրած են փայլուն արդիւնքներ` 1 «շատ լաւ» եւ 12 «լաւ» յիշատակութեամբ: Այս յաջողութիւնը արդիւնք է ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններու եւ ուսուցչական կազմերու հետեւողական, մասնագիտական եւ բծախնդիր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կրթական պատասխանատուներու խստապահանջ մօտեցումին
ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԷՃԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԹԱԼԻՆ ՕՐՏՈՂԼԵԱՆ
Ազգային իշխանութեան որոշումով, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի նոր տնօրէն նշանակուած է Թալին Օրտողլեան։ Թալին Օրտողլեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին քառամեայ ընթացքը եւ արժանացած է հիմնարկի վկայականին։ Ան ունի կրթական երկարամեայ փորձառութիւն. 1986-էն ի վեր կը պաշտօնավարէ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճին մէջ։ 1992-2011, ուսուցչութեան առընթեր, ան քոլէճին մէջ վարած
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս
Երկուշաբթի, 30 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացաւ Թ. կարգի աշակերտ Կարպիս Քէօսէեանը, որ խօսքը ուղղելով ծնողներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անսակարկ նուիրումին, սիրոյն ու գուրգուրանքին,
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 յունիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 14 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք, բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Չորեքշաբթի, 18 յունիս 2025-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի «Մանկապարտէզի օրերը» խորագիրը կրող հանդէսը: Խանդավառ ու մանկապարտէզի առօրեայ կեանքն ու ընթացքը ներկայացնող այս հանդէսին հերթաբար բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները եւ ներկայացուցին տարբեր երգեր ու
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի տարրական բաժնի եւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 17 յունիսի երեկոյեան, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ: Հանդէսին ընդհանուր բնաբանը հայկական տօներն ու աւանդութիւններն էին: Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ քոլեճի քայլերգներով, որոնք մեկնաբանուեցան աշակերտներուն կողմէ` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի: Մանկապարտէզի եւ տարրական դասարաններու փոքրիկ աշակերտները համարձակութեամբ ու











