«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը Կը Ստանձնէ Լիբանանահայ 13 Ուսանողներու Հայաստանի Մէջ Ուսման Ծախսերը
Այսու կը տեղեկացնենք, թէ տարի մը առաջ կատարուած խոստումին համաձայն, «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամը ստանձնած է լիբանանահայ 13 ուսանողներու Հայաստանի մէջ ուսման ծախսերը: Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններէ աւելի քան երկու տասնեակ ուսանողներ անցնող ամիսներուն դիմեցին Ազգային առաջնորդարանի Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութեան, որ դիմումնագիրներու ուսումնասիրութենէն եւ թեկնածուներու հետ հանդիպումներէն ետք,
Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Վեհափառ Հայրապետը նախ եւ առաջ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային վարչութեան` շեշտելով, որ
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երկրորդ Նիստի Գումարում
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 5 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն: Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէնը Մասնակցեցաւ Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին
1 օգոստոս 2016-ին, Առնօ Պապաճանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ մասնակցութեամբ 19 երկիրներէ հայկական կրթական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներու` տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի մասնագէտներու: Այս առիթով կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը,
Հաղորդագրութիւն
Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Խառն ժողովը յառաջիկայ երկամեակին համար յառաջացուց Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդը (Նախադատ ատեան), որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները.- – Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքէզեան – Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան – Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ.Կարապետեան
«Ազգային Միացեալ Վարժարան» Համալիրի Կառուցման Մօտալուտ Ամբողջացման Առիթով. Հարցազրոյց Շինարարական Յանձնախումբի Անդամներ Մկրտիչ Եափուճեանի Եւ Յակոբ Լուսարարեանի Հետ
Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելքի հայրենամերձ գաղութները կ՛ապրին ոչ նախանձելի կացութեան մէջ, յատկապէս` ապահովական ու տնտեսական դիտանկիւնէն: Նաեւ` հաղորդակցութեան թէ այլ մարզերու համաշխարհայնացման հոսանքով ուրուագծուող մարդկային նոր խճանկարը օրինակներ են այն բազմաթիւ արգելակիչ գործօններուն, որոնց կուտակումը անուղղակիօրէն հայը կը մղեն հեռանալու հայակերտման այս ամրոցներէն, արտագաղթելու, աւելի ապահով ու ապրուստի բարեկեցիկ
Հաղորդագրութիւն. Թալին Մարտիրոսեան Նշանակուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէն
Ի հետեւումն մեր 7 յունիս 2016-ին հրապարակած հաղորդագրութեան, ուրախ ենք յայտնելու որ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2016-ին գումարած իր հերթական ժողովին, քննարկելէ ետք Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան կառոյցը, տնօրէն նշանակեց տիկին Թալին Մարտիրոսեանը: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2016-2017 վերամուտին եւ հսկէ դպրոցներու միաւորման եւ Միացեալ
Գերմանիոյ Դեսպան Մարթին Հութին Ի Պատիւ Ընդունելութիւն-Հաւաք
Լիբանանի Հայոց թեմին Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 13 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք` Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի: Ներկայ էին դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, նախկին եւ ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական
Նորակառոյց Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մասին Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին Յայտարարութիւնը
Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները գրեթէ հասած են իրենց աւարտին եւ շուտով ընթացք պիտի առնեն նաեւ կահաւորումի եւ ներքին դասաւորումներու աշխատանքները: Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին համալիրի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերած իրերայաջորդ շինարարական յանձնախումբերու բոլոր անդամներուն եւ գործին աջակցող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն: