Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Նախաձեռնութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, մասնակցութեամբ 6 միաւորուող վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն, ուրբաթ, 26 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկ, որ սկսաւ «Յառաջ
Ծանօթացման Հանդիպում` Լիբանանի Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց Եւ Տիկնանց Ու Աղքատախնամի Յանձնախումբերու Պատասխանատուներուն Հետ
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, տիկնանց յանձնախումբերուն, քարտուղարութեանց եւ աղքատախնամներու պատասխանատուներուն հետ: Սոյն հանդիպումին նպատակն էր նախ եւ առաջ իրարու հետ ծանօթացում, ապա ընկերային հարցերու քննարկում եւ կացութեան բարելաւում, ինչպէս նաեւ
Ծանօթացման Հանդիպում Ազգային Ս. Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ուսուցչական Կազմին Կը Միանայ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ծնողական հաւաք մը Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ` ներկայութեամբ ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Հաւաքին բացման խօսքը կատարեց դպրոցի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան: Ապա Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան իր բացատրողական զեկուցումին մէջ ներկայացուց
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք` Ազգային Ռուբինեան Վարժարանին Մէջ
Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Ռուբինեան վարժարանին մէջ ներս տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան, Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնին եւ Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, անձնակազմին, ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն: Ներկայ էին նաեւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին. Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, չորեքշաբթի, 3 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոս ընտրութեան 125-ամեակին եւ անոր վախճանման 110-ամեակին առիթով: Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան ժողովրդային եւ
Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ
Երեքշաբթի, 2 մայիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 1:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աւարտական դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հաւաքին ներկայ էին
Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտական Ապրիլեան Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 25 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Քառասնից Մանկանց, Ռուբինեան, Աքսոր Գասարճեան, Աբգարեան, Սուրէն Խանամիրեան, Եղիշէ Մանուկեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններու,
Ամալ Շարժումէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Ամալ շարժումի Լեռնալիբանանի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ շարժումի Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ շրջաններու պատասխանատուները` գլխաւորութեամբ շէյխ Ապպաս Հասանի եւ Իմատ Ղամլուշի, չորեքշաբթի, 19 ապրիլ 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հետ: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Պուրճ
Ս. Յարութեան Տօնի Նշում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յարութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին: Պատարագեց եւ հայրական պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ Յիսուսի գերեզմանին շուրջ տեղի ունեցած դրուագով: Ան ըսաւ, թէ հռոմէացի զինուորներ
Քրիստոսի Բազմամարդ Թաղման Թափօր` Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ
Աւագ ուրբաթ, 14 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց,