Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ Ս. Զատկուան Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միաւորուող ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի աշակերտներու Ս. Զատկուան տօնակատարութիւնը: Այս առիթով ներկայ շուրջ 150 մանուկները վարժարանի փակ դաշտին մէջ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին ընկերակցութեամբ խաղերու ընդմէջէն անցուցին ուրախ եւ հաճելի պահեր, ապա վարժարանի մեծ բակին մէջ տեղադրուած
Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ Ս. Զատկուան Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միաւորուող ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի աշակերտներու Ս. Զատկուան տօնակատարութիւնը: Այս առիթով ներկայ շուրջ 150 մանուկները վարժարանի փակ դաշտին մէջ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին ընկերակցութեամբ խաղերու ընդմէջէն անցուցին ուրախ եւ հաճելի պահեր, ապա վարժարանի մեծ բակին մէջ տեղադրուած
Այցելութիւն` Լիբանանահայ Երեք Համայնքապետերուն
10 ապրիլին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէ, այցելեց ազգային առաջնորդարան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ Հայկազեան համալսարան` տեսակցութիւններ ունենալու լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն հետ: Այցելութիւններուն ընթացքին պատուիրակութիւնը Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս
Ազգային Առաջնորդարան. «Եկեղեցւոյ Կառոյցներուն Դերը Ընկերային Ծառայութիւններուն Մէջ» Նիւթով Միօրեայ Համագումար
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, գործակցութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին, մասնակցութեամբ եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերուն եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017
Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Միջնակարգ Եւ Երկրորդական Բաժիններու Ուսուցիչներուն
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 1 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու ուսուցիչներուն: Ուսումնական խորհուրդին անունով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ Ուսումնական խորհուրդը որոշած է
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով
Անցնող շաբաթավերջին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, շաբաթ, 25 մարտին եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ` մասնակցութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ կիրակնօրեայ դպրոցի վարչութեան, որոնք իրենց
«Վերանորոգումի Տարուան» Առիթով. Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներու Միօրեայ Հոգեւոր Սեմինար
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017-ն «Վերանորոգումի տարի» հռչակուելուն առիթով` կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարժարաններու 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն 65 աշակերտներու, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը: Օրը սկսաւ առաւօտեան
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Սիրոյ Սեղան-Ընթրիք
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ 24 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան-ընթրիք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Աբգարեան վարժարանի աշակերտներն ու անոնց ծնողները: Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան բարի գալուստ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Ծնողական Հաւաքները Կը Շարունակուին
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, հինգշաբթի, 23 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ Ազգային Քառասնից Մանկանց եւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարաններու ծնողներուն, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն: Ազգային
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Միւֆթի Մալեք Շաարի
Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Թրիփոլիի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր հովիւին, այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններու միւֆթիներ եւ պատասխանատու հոգեւորականներ: Հանդիպումին ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ