Հոգեհանգիստ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Յիշատակին Եւ Աղօթք` Լիբանանի Վերականգնման Համար

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հանդիպակաց վայրին վրայ` Պանդուխտի յուշակոթողին դիմաց, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` պայթումի զոհերուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած` Լիբանանի վերականգնումի մաղթանքով եւ վիրաւորներու ապաքինման համար: Ձեռնարկին հանդիսապետեցին երեք համայնքապետերը` Լիբանանի

Continue reading

Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան` Արցախի պետութեան անունով քսանհինգ միլիոն դրամ փոխանցելով յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին: Վեհափառ հայրապետին խորհուրդով, նոյն օրը Քեպապճեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ.

Continue reading

Առաջնորդ Սրբազանը Կ՛ընդունի Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Երկուշաբթի, 24 օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով ընդհանուր վնասներու արժեւորումը կատարող Լիբանանի շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պատասխանատուներէն զօրավար Քեմիլ Ֆայսալն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներէն

Continue reading

Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը Ընթացք Առաւ. Ալեքքօ Պէզիքեան Կը Պարզաբանէ Ծրագիրին Նպատակը

Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էր, որ երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ին, կարիքաւոր ընտանիքներու դրամական նպաստներ տրամադրելով, գործնականօրէն ընթացք առած է Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը: Նշենք, որ նշեալ օժանդակութեամբ, տնտեսական եւ ընկերային դժուար կացութեան մատնուած 3000 հայ ընտանիքներու պիտի տրամադրուին նիւթական նպաստներ:   Այս առիթով «Վանայ ձայն»

Continue reading

Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Յարութիւն Եւ Սիլվիա Սթամպուլի 100.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Դարձեալ Կը Զօրակցին Լիբանանահայութեան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի,  Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կ՛աջակցին 100.000.000 լ. ոսկիի (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի) նուիրատուութեամբ: Բարերարներուն փափաքով, նշեալ գումարը կը բաշխուի հետեւեալ եղանակով. – Ազգային առաջնորդարանին` 25.000.000 լ. ո. –  ՀԲԸՄ Լիբանանի մասնաճիւղին` 25.000.000 լ.ո. –  Լիբանանահայ օգնութեան խաչին`

Continue reading

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ այս տօնին առիթով բոլորս մեր աղերսը կ՛ուղղենք Աստուածամօր, որ ինք

Continue reading

Ընթացք Առաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը

Այսու կը տեղեկացնենք, որ երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ին, կարիքաւոր ընտանիքներու դրամական նպաստներ տրամադրելով, գործնականօրէն ընթացք կ՛առնէ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը: Արդարեւ, յառաջիկայ օրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի զանազան շրջաններուն մէջ եւ կամաւորներու աջակցութեամբ, Պէզիքեան ծրագիրի Գործադիր վարչութիւնը պիտի իրականացնէ հինգ ամիսներու համար նախատեսուած օժանդակութեան ծրագիրի առաջին մասը` կանխիկ յանձնելով օգոստոս եւ

Continue reading

Շահէ Արք. Փանոսեան Լիբանանահայ Ընկերային Ծառայողներուն Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին հրաւէրով, երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան անդամներու հետ հանդիպում: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիսթին Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը առաւել եւս դժուարութիւնները

Continue reading

Կեանքի Կոչուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»-ը

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու ու ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրանքով, կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ

Continue reading

Լիբանանը Ցնցած Պայթումէն Ետք. Առաջնորդ Սրբազանը Մօտէն Հետեւեցաւ Եկեղեցիներու Եւ Կառոյցներու Կացութեան

5 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանին, շրջագայեցաւ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումին պատճառով վնասներ կրած եկեղեցիներն ու կառոյցները` մօտէն ծանօթանալու կացութեան եւ ստեղծուած պայմաններուն: Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ս. Նշան մայր եկեղեցի, Սրբոց

Continue reading