Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհի Սանտի Թապեթ Ուրախութեամբ Լեցուց Պուրճ Համուտի Հայ Աշակերտներուն Սրտերը
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթի ներկայութեամբ երեքշաբթի, 10 յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Պուրճ Համուտի հայկական վարժարաններէն աշակերտներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ստացան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով նուէրներ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային
Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ռումիէի Բանտին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եկեղեցական Արարողութիւն
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 9 յունուար 2017-ի առաւօտեան, Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ` Ազգային վարչութեան, քահանայ հայրերու եւ ընկերային ծառայողներու յանձնախումբին, այցելեց Ռումիէի բանտը: Բանտի մատուռին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գլխաւորեց եկեղեցական արարողութիւնը, որուն մասնակից դարձան հայ
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` չորեքշաբթի, 6 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, զոր մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ազգային վարչութիւնը, ազգային երեսփոխաններ եւ մեծաթիւ ժողովուրդ: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ
Հաղորդագրութիւն
Ազգային Միացեալ վարժարանին բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն եւ փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէի ներկայացուցիչ Ապտել Սալամ Մարինիի եւ Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւններու
Գնահատանքի Երեկոյ` Ծառայութեան Տարուան Առիթով
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գնահատանքի երեկոյի ընթացքին գնահատագիրներ ստացան 30 նուիրեալներ, որոնք 25 տարիէ ի վեր անսակարկ ծառայած են հայ եկեղեցւոյ: Ձեռնարկը
Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 17 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամերգութեան յաջորդեց աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, որոնցմէ ետք մատաղի պատրաստութիւն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, կատարողութեամբ` եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ` եկեղեցւոյ դպրապետ Պօղոս սրկ. Քեսապլեանի: Ձեռնարկին բարի գալուստի
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ 50-Ամեակի Նշում
Անցնող շաբաթավերջին արժանավայել կերպով նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, նաեւ` եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակը: Արդարեւ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Կիրակի, 11 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լիբանանի հայոց
«Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ Եւ Պայծառ Է Մեր Ժողովուրդի Համախումբ Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանանի հայոց թեմին տուած այցելութեան վերջին օրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ հանդիսաւորապէս դիմաւորուեցաւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, կազմակերպութիւններու, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն դպրաց դասերուն, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն
Ազգային Միացեալ Վարժարանին Ի Նպաստ Հանգանակութեան Առաջին Հանգրուանին Գոյացաւ 3 Միլիոն 221.200 Տոլար
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթներով, տեղի ունեցաւ պաշտօնական կալա-ընթրիք մը, ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փաւիյոն Ռոյալ-Պիել»-ի մէջ` ներկայութեամբ ազգային, կրօնական, քաղաքական պատասխանատուներու եւ մարմիններու, բարերարներու, բարեկամներու եւ հոծ բազմութեան: Կազմակերպուած ձեռնարկը անգամ մը եւս ապացուցեց լիբանանահայ գաղութի
Հայաստան – Լիբանան Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Համագործակցութիւն. Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը Ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով տեղի ունեցող համերգներու ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային ակադեմական երգչախումբը ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, Էշրեֆիէի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ: Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ,