Վախճանեալ Հոգեւորականներու Եւ Հանգուցեալ Ժողովականներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու, երէկ` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին, Խաչվերացի մեռելոցին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Ս. Մատրան մէջ կատարուեցաւ հաւաքական հոգեհանգիստ Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներու եւ հանգուցեալ ժողովականներու յիշատակին: Հոգեհանգիստէն առաջ
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-րդ Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 79-ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն
Մուսա լերան հերոսամարտի 103-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով անցեալի պատմութեան խաչափայտին խորհուրդը փոխանցեց եւ անդրադարձաւ Մուսա լերան հերոսներու միասնակամ զոհաբերութեան` յանուն Մուսա լերան
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ընդունեց Պաշտօնական Անձնաւորութիւններու Շնորհաւորութիւնները
Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս երէկ եւս շարունակեց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ, այս անգամ սակայն Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ: Նորընտիր Սրբազանին շնորհաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան, Սոցիալ դեմոկրատ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը Շնորհաւորութիւններ Ընդունեց
Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի ընտրութեան առիթով շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն: Նորընտիր Առաջնորդին իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին պետական, քաղաքական, ազգային, հասարակական, մշակութային, մարզական, կրթական, առողջապահական եւ այլ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Շնորհաւորողներու շարքին
Լիբանանի Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը Այցելեց Թրիփոլի
Երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Թրիփոլի: Առաջնորդ Սրբազանին կ՛ընկերակցէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան եւ Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիրեանին, ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէին,
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Մօտէն Ծանօթացաւ Զահլէի, Ռայաքի, Ժալալայի Եւ Այնճարի Հոգեւոր Եւ Կրթական Կառոյցներուն
Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի հասաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան եւ առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած «Կանոնական աղօթք»-էն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ ծուխի հովիւին, թաղականութեան եւ Ազգային երեսփոխանին հետ: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Զահլէն
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նորընտիր Առաջնորդը, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ու Կրօնական Ժողովները
Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսը, Ազգային վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական ժողովները: Անոնք, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, թեմին դիմաց ծառայական նոր շրջան բացուող ներկայ փուլին վեհափառ հայրապետին այցելեցին` լսելու կաթողիկոսին թելադրանքը: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նոր Առաջնորդին ընտրութիւնը, ինչպէս
Լիբանանի Հայոց Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Միացեալ Եւ Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանները
Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային Միացեալ վարժարան այցելեց Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ գործունէութեան: Այցելութեան սկզբնաւորութեան Առաջնորդ Սրբազանը շրջագայեցաւ եւ բաժանմունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմեքճեանէն եւ վարչական պատասխանատու Նելլի Վէքիլեանէն: Ապա տեսչարանին մէջ Սրբազան Հայրը
Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Արժանացաւ Ժողովրդային Ընդունելութեան
Կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան մատուցեց հրաժեշտի Ս. պատարագ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, հայ
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Պէրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարեց յատուկ նիստ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը: Ժողովը սկսաւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի աղօթքով, որմէ ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ընթերցեց Թեմական կանոնագրութեան մէջէն առաջնորդի