Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ Բացումը Կատարեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Համակարգիչի Սրահին, Ե-Գրադարանին Եւ Արդիական Սարքերուն
Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ, որպէսզի բացումը կատարէ հաստատութեան կողմէ վարժարանին տրամադրուած «Ինթըր-էքթիւ պորտ»-երու, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին: Լէյլա Սոլհ – Համատէն դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի
Մեծ Շուքով Եւ Հանդիսութեամբ Հնչեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յոյս Եւ Լոյս Ներշնչող Անդրանիկ Զանգը
25 սեպտեմբեր 2017-ը լիբանանահայ գաղութի նոր իրագործումներուն մէջ իւրայատուկ եւ անկիւնադարձային թուական մըն է, որովհետեւ արդիական եւ գեղեցիկ վարժարան մը ունենալու երազը վերջապէս դարձած է իրականութիւն, երբ մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ հնչեց Ազգային միացեալ վարժարանի անդրանիկ զանգը: Յոյս եւ լոյս ներշնչող այս կառոյցը ո՛չ միայն Ազգային առաջնորդարանին, այլ նաեւ գաղութին
Անդրանիկ Ժողով Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէն Խորհուրդի, Ուսուցչական Կազմի Եւ Կրթական Պատասխանատուներու
Չորեքշաբթի, 23 օգոստոս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի տնօրէն խորհուրդի, ուսուցչական կազմի եւ կրթական պատասխանատուներու անդրանիկ ժողովը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Հաւաքին խօսք առաւ թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Ազգային միացեալ վարժարանի ծրագիրը աւելի քան քսան
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան
Երկուշաբթի, 10 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Ազգային իշխանութիւններու անդամներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին կողմէ: Նախարար Յակոբեան շրջագայեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալու նորակառոյց կրթօճախին: Ապա վարժարանի սրահին
Փակում` Սրբոց Հռիսփիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթաշարքին
Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով երկուշաբթի, 12 յունիսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթաշարքի փակման հանդիսաւոր Ս. պատարագը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն: Պատարագին յաջորդեց Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութիւն: Արարողութեան նախագահեց եւ ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի
Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ. Լիբանանահայ Գաղութի Եւ Կրթական Կառոյցներու Ներկայացուցիչները Միասնաբար Քննեցին Ազգային Ինքնութեան Պահպանման Գործընթացին Մէջ Հայ Դպրոցին Մարտահրաւէրները Եւ Հաստատեցին Համագործակցութեան Անհրաժեշտութիւնը
Համագաղութային մարտահրաւէրները եւ ծրագիրները միասնակամ մօտեցումով եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ քննարկելն ու համապատասխան լուծումներու մասին խորհրդածելը բոլոր ժամանակներէն աւելի դարձած են հրամայական ու այժմէական անհրաժեշտութիւն: Այս մտածողութեան ամրապնդման ու գաղութի հաւաքական կեանքի օրակարգերու քննարկման ծիրին մէջ, շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին տակ «Հայ դպրոցին դիմագաւած մարտահրաւէրները
Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Շաբթուան Մեկնարկ
Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով` 5-12 յունիս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթաշարք մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 5 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն: Աղօթքէն ետք ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց
Մհերին Յիշատակը Պանծացնող «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանք
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 30 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 21 յունուար 2017-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ Արցախեան
Վերամուտի Նախապատրաստական Աշխատանքներ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի Եւ Նախակրթարանի Ուսուցիչներու Մասնագիտական Սեմինար
Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ նորակառոյց վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչներու մասնագիտական միօրեայ սեմինարը, որ կը կրէր «Դասարանի ղեկավարումը` աշակերտներու յաջողութեան համար» խորագիրը: Սեմինարին բացումը կատարեց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան, որ նշեց, թէ սեմինարները լաւագոյն միջոցներն
«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն
Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 յունուար 2017-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանին մէջ: Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը այս տարի եւս արժանացաւ լիբանանահայ