Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն

29-30 մարտ 2025-ին նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, շաբաթ, 29 մարտին մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կ. ե. ժամը 4:30-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, մասնակցութեամբ` եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ

Continue reading

«Հայ Աշակերտին Դերը Աւանդութիւններու Պահպանման Ու Զարգացման Մէջ» Նիւթով Սեմինար

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարուան» առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 22 մարտ 2025-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Հայ աշակերտին դերը աւանդութիւններու պահպանման ու զարգացման մէջ»:

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Գարնան Առաջին Օրուան Նուիրուած Ընկերային Հաւաք` Ազգային Վարժարաններու Կրտսեր Աշակերտներու Համար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 21 մարտ 2025-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի եւ առաջինէն երրորդ դասարաններու աշակերտներու միացեալ ընկերային հաւաքը` գարնան առաջին օրուան առիթով: Այս առիթով Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան

Continue reading

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին Նախաձեռնութեամբ. Ուսուցչաց Տօնին Նշումը Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

Մարտ 9-ը` Ուսուցչաց տօնը, այս տարի ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերը նշեցին առանձին հանդիպումներով: Ուրբաթ, 7 մարտի կէսօրին, նախ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ ապա Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ կատարուեցան առանձին հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան եւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տեմիրճեան: Զոյգ հանդիպումերուն բարի

Continue reading

Բարեկենդանի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդութիւններուն եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, ուրբաթ, 28 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00 Ազգային Միացեալ վարժարանը  իր յարկին տակ նշեց Բարեկենդանի տօնը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ «Լաւագոյն ծպտուող»-ի մրցանք: Դատական կազմի անդամներն էին` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ եւ «Ազդակ» օրաթերթի  պատասխանատու խմբագիր  Նորա Բարսեղեան, մանկական եւ

Continue reading

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Կոչ Ուղղեց, Որ Աւարայրի Ճակատամարտի Օրինակով Իւրաքանչիւր Հայ Իր Ինքնութեան Եւ Հաւատքին Պահպանութեան Համար Ամէն Ճիգ Թափէ

Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի 27 փետրուարին սուրբ եւ անմահ պատարագով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք անդրադառնալու 5-րդ դարուն տեղի ունեցած Վարդանանց հերոսամարտին, որ հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած ճակատամարտ մըն

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Վարդանանց Տօնի Ազգային Վարժարաններու Միացեալ Տօնակատարութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն, ներկայութեամբ ազգային վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու, չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական միացեալ տօնակատարութիւն` նուիրուած Վարդանանց տօնին:

Continue reading

Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Ժամերգութիւն Եւ Նախատօնակ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, երկուշաբթի, 24 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք տօնելու

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Աշակերտական Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

  Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 21 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցումի 2023-2024 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի եւ վարչութեան

Continue reading

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

Անցնող շաբաթավերջին, 15-16 փետրուարին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը եւ հիմնադրութեան 75-ամեակը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէներուն յառաջացուցած յատուկ յանձնախումբին, շաբաթ, 15 փետրուարին, կ.ե. ժամը 3:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, փոքրերու յայտագիր եւ գեղարուեստական յայտագիր: Կիրակի, 16 փետրուարի առաւօտեան ժամը

Continue reading