Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, հինգշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին սկզբնաւորութեան ողջունեց թեմի եկեղեցիներէն
Ազգային Առաջնորդարանին Նախաձեռնութեամբ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Նուիրուած Հոգեմտաւոր Միօրեայ Սեմինար
Շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, համագործակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ Լիբանանի հայոց թեմին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեմտաւոր պատրաստութեան միօրեայ սեմինար»` Լիբանանի թեմի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն համար: Սեմինարը կը ներառէր եկեղեցական ծառայութեան եւ արարողութիւններու հետ առնչուած խորիմաստ խորհրդածութիւններ` ուղղուած հոգեւոր գիտակցութեան հարստացման: Առաւօտեան
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Երախտագիտութեան Եւ Մեծարանքի Ձեռնարկ` Նուիրուած Կրթական Վաստակաշատ Մշակ Եւ Տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի
Չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտագիտութեան եւ մեծարանքի ձեռնարկ` նուիրուած կրթական վաստակաշատ մշակ եւ տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի: Հանդիսութեան ներկայ էին` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետն ու անդամներ, քոլեճի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը, Տիկնանց յանձնախումբի անդամները, աշակերտներ եւ մտերիմներ,
Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը
Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, կիրակի, 14 դեկտեմբերին համանուն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք: Իր քարոզին սկիզբը Սրբազանը ողջունեց` եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, յարակից մարմինները, շրջանին մէջ գործող մեր կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները, որոնք իրենց նուիրումով եւ հաւատքով
Լիբանանի Թեմի Վեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 41 Շրջանաւարտներ Ստացան Իրենց Վկայականները
Ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին Լիբանանի թեմի վեց կիրակնօրեայ դպրոցներու 41 շրջանաւարտներ հանդիսաւոր հաւաքական աւարտական ընթրիքի ընթացքին ստացան իրենց վկայականները: Նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց սրահի մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ սեղանի օրհնութեամբ, ապա հնչեց կիրակնօրեայի մաղթերգը: Բացման
Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարանները Նշեցին Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադիր Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներու Տօնը
Կիրակի, 30 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներու` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսի յիշատակի տօնին առիթով, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս պատարագ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն եւ պատասխանատուներուն: Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան:
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը
Կիրակի, 23 նոյեմբերին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ հայր սուրբը ըսաւ, որ այս առիթով կը յիշատակենք Ս. Կոյս Մարիամի տաճար ընծայման տօնը եւ անդրադառնալով այս տօնի նշանակութեան` ըսաւ, որ մեզի կը թելադրէ
Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Հիմնադրութեան 32-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2025-ին Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան հիմնադրութեան 32-րդ տարեդարձին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Ս. պատարագը մատուցեց Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան իր քարոզին
Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Գիւտ խաչի տօնին առիթով, կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2025-ին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Պատարագը մատուցեց սրբազան հայրը: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր Տէրը մեզմէ կ՛ակնկալէ առաւելագոյն մասնակցութիւն Աւետարանի ճշմարտութիւնները տարածելու
Վերամուտի Առիթով. Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Եւ Եղիշէ Մանուկեան Վարժարաններ` Աշակերտներուն Յղելու Իր Պատգամը
Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարան այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Լիզա Պասթաճեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալէմքէրեանի: Բացման խօսքը արտասանեց աշակերտուհի Աննա-Մարիա Սինանեան: Վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` այցելութեան համար,











