Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, 15 մարտին նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Սրբազանը ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու 4-րդ դարու սկիզբը Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած 40 վկաներուն յիշատակը:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանք
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, 21 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքը: Մրցանքին մասնակիցները ողջունեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի քաջալերել հայ աշակերտը` արտայայտուելու եւ ստեղծագործելու արեւմտահայերէնով, իր
«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Աշակերտական Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 20 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցումի 2024-2025 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի,
Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն: Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Յովսէփ եւ Մարիամ քառասնօրեայ մանուկը բերին տաճար` Աստուծոյ ընծայելու, եւ թէ ինչպէ՛ս հոն կը
Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 12 փետրուարին Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, սուրբ եւ անմահ պատարագով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ պատմական ակնարկով մը յիշեց, թէ 5-րդ դարուն Հայաստանը կրօնափոխ ընելու ու ամբողջութեամբ նուաճելու որոշումով Սասանեան Պարսկաստանը վերջնագիր ներկայացուց
Ազգային Վարժարաններու Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Աշակերտներու Վարդանանց Տօնակատարութիւնը
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, ազգային վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ
Նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօներուն Առիթով
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առիթով: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ նուիրական զոյգ առիթները` Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն
Կիրակի, 1 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Արագած» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.
Կիրակնօրեայ Օգնական Ուսուցիչներու Երկօրեայ Որակաւորման Համագումար
Կազմակերպութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութեան, շաբաթ, 24 եւ կիրակի, 25 յունուար 2026-ին «ՔՋԱԿ»-ի մէջ (Մոնթէ Վերտի) տեղի ունեցաւ օգնական ուսուցիչներու երկօրեայ որակաւորման համագումար` «Կիրակնօրեայ ուսուցիչը` առաջնորդը, օրինակելին եւ քրիստոսանմանը» խորագիրով: Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր տեսուչ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի օրհնութեամբ եւ յորդորական խօսքերով սկիզբ առաւ երկօրեայ համագումարը:











