Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս
Երկուշաբթի, 30 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացաւ Թ. կարգի աշակերտ Կարպիս Քէօսէեանը, որ խօսքը ուղղելով ծնողներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անսակարկ նուիրումին, սիրոյն ու գուրգուրանքին,
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 յունիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 14 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք, բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Չորեքշաբթի, 18 յունիս 2025-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի «Մանկապարտէզի օրերը» խորագիրը կրող հանդէսը: Խանդավառ ու մանկապարտէզի առօրեայ կեանքն ու ընթացքը ներկայացնող այս հանդէսին հերթաբար բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները եւ ներկայացուցին տարբեր երգեր ու
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի տարրական բաժնի եւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 17 յունիսի երեկոյեան, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ: Հանդէսին ընդհանուր բնաբանը հայկական տօներն ու աւանդութիւններն էին: Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ քոլեճի քայլերգներով, որոնք մեկնաբանուեցան աշակերտներուն կողմէ` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի: Մանկապարտէզի եւ տարրական դասարաններու փոքրիկ աշակերտները համարձակութեամբ ու
«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2025-ի Արդիւնքները
Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական դարձած շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ ունեցող «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին այս տարի մասնակցեցան 73 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք ներկայացուցին հետեւեալ վարժարանները. Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի
Լիբանանի Հայոց Թեմի Կազմակերպութեամբ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 30-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմին, շաբաթ, 14 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկին «Ռուպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսաւոր նշում: Նշանակալից այս առիթով ներկայ էին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները, թեմակալ առաջնորդներն ու Կիլիկեան
Տօն Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ. 100 Դպիր-Դպրուհիներու, 15 Կիսասարկաւագներու Եւ 7 Սարկաւագներու Հաւաքական Ձեռնադրութիւն
Վեհափառ հօր կողմէ 2025 թուականը հռչակուած էր որպէս «մարդուժ պատրաստելու տարի»: Առ այդ, եւ Հոգեգալստեան տօնին առիթով, կիրակի, 8 յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ձեռնադրութիւն` 100 դպիր-դպրուհիներու, 15 կիսասարկաւագներու եւ 7 սարկաւագներու, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տարեկան Կալա-Ընթրիք
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար տէր եւ տիկին Վրէժ Սապունճեանի, շաբաթ, 7 յունիսին տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տարեկան կալա-ընթրիքը: Ձեռնարկը սկսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունի, որ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2024-2025 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակէն ներս` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդէսը սկսաւ յոտնկայս ունկնդրութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն, որուն յաջորդեց դաշնակի վրայ նուագ` կատարողութեամբ Քրիստ Դարբինեանի: Յայտագիրը շարունակուեցաւ շրջանաւարտ
Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Բացում Եւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն, 2 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի բացօթեայ խորանին դիմաց կատարուեցաւ աղօթքի շաբթուան բացում եւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ











