Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդ. Միջդպրոցական Արտասանական Մրցանք` Վարդանանց Տօնին Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան 34-Ամեակին Առիթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, գործակցութեամբ «Վանայ ձայն»-ին, չորեքշաբթի, 23 փետրուար 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Վարդանանց տօնին եւ Արցախեան պահանջատիրութեան 34-ամեակին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական արտասանական մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններէ 19 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Մասնակցող վարժարաններն էին` Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ

Continue reading

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի` 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու Քրիստոսի 40-օրեայ հասակին տաճար

Continue reading

Նոր Սիս Թաղամասին Մէջ Ժողովրդային Դիմաւորումի Արժանանալով` «Հայ Ըլլալը Կը Նշանակէ Մեր Հաւաքական Կեանքին Մասնակից Դառնալ» Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կիրակի, 13 փետրուար 2022-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Այս առիթով կիրակի առաւօտեան ժամը 10:15-ին, ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի

Continue reading

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, գործակցութեամբ “Lions” կազմակերպութեան, Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի կէսօրուան ժամը 1։00-ին, Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահէն ներս, սիրոյ տօնին առթիւ, բաժանմունքի տարեցներուն յատուկ ճաշ-հաւաք մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպումին ներկայ էին

Continue reading

ԿԱՐՊԻՍ ՊԵԶՃԵԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ 100 ԱՇԱԿԵՐՏԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի Տարուան» ծիրէն ներս, մնայուն կ՛աշխատի, յանուն մեր ժողովրդեան, առաւելագոյնս ձեռք երկարել լիբանանահայ տագնապահար գաղութին: Շաբաթ, 5 Փետրուար 2022, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նոյնատիպ երկրորդ նախաձեռնութիւն-առաջարկին ընդառաջեց՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պեզճեան, որ ստանձնեց

Continue reading

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻ ԿՈՂՄԷ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, գործակցաբար Լիբանանի Կարմիր Խաչին, իրազեկման (awareness) դասախօսական շարքեր տեղի ունեցան ութ շաբաթներու ընթացքին: Դասախօսական այս շարքերուն մասնակցեցան բաժանմունքի երիտասարդ մայրերը, որոնք նորանոր գիտելիքներ ամփարելով, պիտի կարենան օժանդակել ե՛ւ իրենց ընտանիքներուն անմիջական ընկերային եւ ապահովական կարիքներուն, ե՛ւ շրջանակի տարբեր օղակներուն: Նշենք, թէ

Continue reading

«ՕԳՆԱԿԱՆ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ» ԾՐԱԳԻՐ

Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ «Սէն Ժոզէֆ» Համալսարանի Մասնագէտներու Վերապատրաստութեան կեդրոնին, գործակցութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութիւն Բաժանմունքին, նոյեմբեր 2021-ին ընթացք առաւ օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան յատուկ ծրագիր մը: Առաջնորդարանի եւ այլ կառոյցներու կողմէ մասնակից տիկինները վեց շաբաթներու ընթացքին (երեքշաբթի օրերը), Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք ներկայացան, հետեւելու համար ծրագրի ուսուցման դասընթացքներուն: Զուգահեռաբար,

Continue reading

ՏՕՔԹ. ՄԱՅՔ ՍԱՐԵԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ 100 ԱՇԱԿԵՐՏԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի Տարի»-ն լաւագոյնս արժեւորելու նպատակով, 2022-ի առաջին օրէն սկսեալ հանդէս կու գայ զանազան նախաձեռնութիւններով եւ կոչ կ՛ուղղէ իր հօտի բոլոր զաւակներուն՝ օժանդակութեան ձեռք մեկնելու Սփիւռքի հայութեան կարիքաւոր հատուածներուն, ի մասնաւորի՝ լիբանանահայութեան: Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի,

Continue reading

«Աստուածայայտնութիւնը Աստուծոյ Հետ Կնքուած Ներքին Նոր Ուխտ Է» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդը իր արքայութեան տանելու հրաւէրով` աւելցնելով,

Continue reading

Հանդիսաւոր Նշում Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 19 դեկտեմբերին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, թէ անկասկած հայ եկեղեցւոյ դաւանած ամէնէն ժողովրդական սուրբերէն մէկն է Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետը, որ ծագումով ասորի

Continue reading