Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը Իր Շուրջ Համախմբեց 76 Աշակերտներ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 27 մայիս 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը, որ այս տարի նուիրուեցաւ արցախեան ազատամարտիկին նահատակութեան 30-ամեակին: Մրցանքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան, որ նկատել տուաւ, թէ այս տարի միջնակարգ
Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ. Վերանորոգման Եւ Վերալիցքաւորման Համագումար` Կիրակնօրեայի Ուսուցիչներուն Յատուկ
Քրիստոնէական հաւատքի աղբիւրը կը նկատուի Աստուածաշունչ մատեանը: Դարերէ ի վեր քրիստոնեաներս սնանած ենք անոր կենսատու խօսքերով, զօրացուցած ենք մեր հաւատքը Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, շարունակած` մեր բարի պատերազմը աշխարհի իշխանին դէմ եւ լիցքաւորած` նոր սերունդները մեր պապերու աղօթքով: Կասկածէ վեր է, որ մանուկները մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի յատուկ հոգածութեան առանցքը կազմած
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչական Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի 1000 աշակերտներու, երեքշաբթի, 25 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 10-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած աշակերտական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, վարչութեան անդամ Լիզա Պաստաճեանի, դիւանապետ
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 16 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Օշին վրդ. Չուալերթանեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին սկիզբը հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ իրեն այս գեղեցիկ պարտականութիւնը յանձնած
Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցին մեզ կը համախմբէ իր ծոցին մէջ, որպէսզի
Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Շաբաթ, 8 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մեր հորիզոնը ամպամած է, մեր կեանքը ենթակայ է տեսակաւոր դժուարութիւններու, մեզմէ շատեր
Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց, Խաչելութեան Եւ Թաղման Յիշատակին Սրբազան Արարողութիւն
Աւագ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ
Խաւարման Կարգ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ հսկումի սոյն պահը լաւագոյն առիթն է Պօղոս առաքեալի բերանով հռչակելու, թէ Քրիստոս նոյնն է միշտ`
Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: «Ով, որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ով, որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»: Այս
«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աշակերտներու Ոտնլուայ
Չորեքշաբթի, 5 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն համար, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Սրբազան Հայրը այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ երբ Քրիստոս Վերջին ընթրիքի պահուն բոլորովին անակնկալօրէն ոտքի ելաւ եւ իր











