Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ` Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյնի Օրհնութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի 24 սեպտեմբերին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.  Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում մը կատարեց օրուան

Continue reading

Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Մուսա Լերան հերոսամարտի 108-ամեակին եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 84-ամեակին առիթով, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 17 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 7-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութեան, երբ Հերակլ կայսրը անձամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ

Continue reading

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին Արդիւնքները

23 օգոստոս 2023-ը կը նշէ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 30-ամեակը: 23 օգոստոս 1993-ին, զինակից չորս ընկերներու հետ, Մհեր Ջուլհաճեան նահատակուեցաւ Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ` սահմանապահ դիրքերու ստուգման պահուն, զոհը երթալով ազերիական ականի մը պայթումին: Մհերի նահատակութեան 10-ամեակին` 2003-ին, Ջուլհաճեան ընտանիքին փափաքով եւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդին

Continue reading

«Աստուածամօր Կենդանի Օրինակը Պէտք Է Բարձր Պահենք Մեր Գիտակցութեան Մէջ», Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, 13 օգոստոսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ տարուան ընթացքին մեր եկեղեցին զանազան առիթներով կ՛ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը եւ

Continue reading

Ս. Պատարագ` Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 6 օգոստոսին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին ներկայութիւնը

Continue reading

Վարդավառի Տօնի Նշում` Լէյլաւանի Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Վարդավառի տօնին առիթով, կիրակի, 16 յուլիսին Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Սրբազան Հօր, որմէ ետք, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, թափօրը ուղղուեցաւ մատուռ,

Continue reading

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 28-րդ Տարեդարձին Առիթով` Հայրապետական Մաղթանք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով 2 յուլիսին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Արդարեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ 28

Continue reading

Ս. Ներսէս Շնորհալիի Վախճանման 850-Ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առիթով, կիրակի, 25 յունիսի ս. պատարագի ընթացքին, փոխան քարոզի, թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը: Արդարեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Ազգային Արժէքներու Նախանձախնդիր» Ոգիով Լիցքաւորուած Իր Վեցերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: 17 շրջանաւարտներ ներկաներուն ծափողջոյններով մտան սրահ, ապա Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միացեալ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք

Continue reading

Շանթ Եւ Տէյզի Շէկեան Ամոլին Բարերարութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Բարեզարդուած Եկեղեցւոյ Եւ Շրջափակի Բացում

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 11 յունիսին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ նոյն օրը մեր եկեղեցին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ իր մեծ սուրբին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն դուրս գալու դրուագը եւ մեր

Continue reading