Պաշտօնական Բացում եւ օրհնութիւն Այնճարի Գերեզմանատան վերանորոգեալ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս մատրան
Բարձր հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր, 2021-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամներուն,Գերեզմանատան մատրան վերանորոգութեան բարերար ու նախկին պետական նախարար՝ Վրէժ եւ Սալմա
Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Մրցանակաբաշխութիւնը Առիթ` Շեշտելու Հայ Գիրի Եւ Գրականութեան Կարեւորութիւնը
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 3 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարին
Սրբապատկերներու Օծում` Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 28 նոյեմբեր 2021-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ սրբապատկերներու օծումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանը: Օծման արարողութեան մասնակցեցան Վարուժան արք. Հերկելեանն ու հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը: Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն եւ
ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ՕԳՆԱԿԱՆ-ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ
Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Սէն Ժոզէֆ» Համալսարանի մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, եւ գործակցաբար Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան բաժանմունքին, ուրբաթ, 26 նոյեմբեր 2021-ին, սկիզբ առաւ օգնական-բուժքոյրերու ծրագիրը: Նախապէս նշած ըլլալով, որ սոյն ծրագիրը կը բաղկանայ ուսուցման եւ աշխատանքային մարզէ ներս փորձառկումներ (Պուրճ Համուտի շրջանէն ներս գործող տարբեր բուժարաններէ ներս), ապա
Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի` ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐ
Հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2021-ին, գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի Ընկերային գրասենեակին, Լիբանանի Կարմիր Խաչին կողմէ «Միջավայրէն ներս մանուկները արկածներէ ապահով պահելու միջոցներ» նիւթով դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն ներս, ներկայութեամբ խումբ մը երիտասարդ տիկիններու: Դասախօսութեան կողքին, մասնակիցները խմբակներու բաժնուեցան եւ աշխատանքներու լծուեցան: Յարկ է նշել, որ յառաջիկայ
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
Կիրակի, 21 նոյեմբերին, Ս. Մարիամ Աստուածածինի տաճարի ընծայման տօնին առիթով հանդիսաւոր ս. պատարագով, զոր մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Սրբազան Հայրը իր քարոզին սկիզբը պատմական ակնարկ մը նետեց Ս. Աստուածածինի տաճար ընծայման դրուագին, թէ ինչպէ՛ս Յովակիմն ու Աննան Տէրը
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը, իր բազմատեսակ ծառայութիւններուն մէջ ընթացք կու տայ նոր ծրագրի մը՝ տարեցներու շորիկի անվճար սպասարկութիւն: Հայորդիներու մտահոգութենէն մեկնած, Բաժանմունքս, բարգաւաճման ծրագիրներու, նիւթականի, դեղորայքի, հիւանդանոցային եւ տարրալուծարաններէ ներս տարբեր քննութիւններու օժանդակութիւն յատկացնելու կողքին, կը ձեռնարկէ նաեւ տարեցներու շորիկի ապահովում եւ անվճար սպասարկութիւն, բոլոր անոնց, որոնք նիւթական դժուարին
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն
Ուրբաթ, 12 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն եւ դիմաւորուեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտներուն կողմէ, կատարուեցաւ աղուհացի օրհնութիւն: Առաջնորդը դիմաւորեցին նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամներ եւ տնօրէնը: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը ներկայացուց հայերէն, իտալերէն,
«ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ»-Ը ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ
– Ես ուրկէ՞ եկած եմ: – Ինչպէ՞ս աշխարհը ստեղծուեցաւ: – Ինչո՞ւ մարդիկ կը մկրտուին: – Ինչո՞ւ պատերազմ կայ: – Մահը վերջաւորութի՞ւնն է: – Ինչո՞ւ Աստուած արտօնեց բնական աղէտները: – Արդեօք աշխարհին վե՞րջն է… Հարցումներ, որոնց պատասխանները երեխաները միշտ կը փնտռեն, եւ ծնողներն ալ միշտ չեն կրնար ճիշդ պատասխանը եւ մեկնաբանութիւնը
Ս․ ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ
Կիրակի, 31 Հոկտեմբերին, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեան: «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ եղողներուն համար, մինչ մեզի` փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն