Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Տրամադրած Նիւթական Օժանդակութեան Ցրուումը Ընթացք Առաւ
Տնօրինութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ ընթացք առաւ լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն շնորհելու աշխատանքը: Արդարեւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մեկնարկեց կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթական յատկացում կատարելու աշխատանքը` ներկայութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ Անթիլիասի միաբանութեան հոգեւորականներուն: Եկեղեցւոյ շրջափակը այցելեցին նաեւ Ազգային իշխանութեան պատասխանատուներ: Նիւթական նպաստ ստացան 848 ընտանիքներ,
Հայ Գիրերու Գիւտի Եւ Սրբոց Թարգմանչաց Պանծացման Նուիրուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երգեցողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Առաջնորդ
ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԳԻՏԱԿԻՑ ԿԱՄՔԻ ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանեան կեանքի տխուր տեսարանին դիմաց, քաղցր բախտը կ՛ունենանք մեր վարժարաններուն մէջ դարձեալ ողջունելու կրթական նոր տարեշրջանի մը սկզբնաւորութիւնը: Անկասկած, մեր կեանքը կազմալուծող տեսակաւոր հարցերն ու դժուարութիւնները, որոնց դիմաց երբեմն կը մնանք անզօր, շատ մեծ են ու խորունկ, սակայն մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ տոկալու եւ աշխատանքով նոր արդիւնք կերտելու կամքն ալ
ՕԳՆԱԿԱՆ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Ազգ. Առաջնորդարանիս Ընկերային Ծառայութիւն Բաժանմունքը կու գայ կարեւորութեամբ տեղեկացնելու, որ Բաժանմունքիս գործակցութեամբ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը կը նախաձեռնէ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Մասնագէտներու Վերապատրաստութեան Կեդրոնին հետ կազմակերպել օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան մասնաւոր դասընթացք մը, որուն նպատակն է առողջապահական ոլորտէ ներս պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք Լիբանանի ներկայ իրավիճակի պայմաններուն մէջ, կրնան կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ
Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի
Գրեթէ երկու տարուան պարտադիր «արձակուրդէ» ետք, 30 սեպտեմբերին կեանքը վերադարձաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, որուն դռները բացուեցան` գրկաբաց ընդունելու աշակերտները: Ամայի ու լուռ բակին մէջ վերստին լսուեցան աշակերտներուն ուրախ կանչերը: 30 սեպտեմբերէն մինչեւ 6 հոկտեմբեր երկարող շաբթուան ընթացքին, հանգրուանաբար տեղի ունեցաւ վարժարանի տարբեր բաժանումներու` երկրորդականի, միջնակարգի, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի
Խաչվերացի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Աւանդական Մատաղի Օրհնութիւն
Խաչվերացի տօնին առիթով կիրակի, 12 սեպտեմբեր 2021-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Խաչերացը պատմական առիթ է` աւելցնելով, որ տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով կը ներկայացուի Քրիստոսի խաչը:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու
Հայ ազգին ճակատագրակից հայ եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՛ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, իր առաջնորդական տարիներէն ի վեր, թարգմանը հանդիսանալով եկեղեցւոյ առաքելութեան, գործնական եւ ծրագրաւորուած քայլերով կը հասնի իր հոգեւոր հօտի զաւակներու կարիքներուն: Այսպէս, Լիբանանի
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախորդ Տարեշրջանը` Բազում Մարտահրաւէրներու Շրջանցման Փուլ
Դժուար է արժեւորել քառամեայ կեանք ու գործունէութիւն ունեցող հաստատութիւն մը, կազմակերպութիւն մը, վարժարան մը, որովհետեւ տակաւին տարիներու վաստակ չէ կապուած անոր անուան: Բայց եւ այնպէս հիմնական է հաւատքով մօտենալ անոր, որպէսզի անիկա վաստակ կերտէ, իր դերակատարութիւնը ամրապնդէ եւ ներդրումը ունենայ գաղութային կեանքին մէջ: Ազգային միացեալ վարժարանը մեծ երազի մը, կրթական
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կիրակի, 15 օգոստոսին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու Աստուածամօր երկրաւոր կեանքի վախճանի յիշատակը, նաեւ յիշատակը անոր վերափոխման,
Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն. Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ: Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ