Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, շաբաթ, 31 յուլիս 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նորոգեալ եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգը: Իր քարոզին սկիզբը Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ներկայ կեանքի

Continue reading

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Ամբողջացուց Վնասուած Բնակարաններու Եւ Վաճառատուներու Հատուցման Ծրագիրը

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը հինգշաբթի եւ ուրբաթ, 22, 23 յուլիս 2021-ին ամբողջացուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով քանդուած բնակարաններու եւ վաճառատուներու հատուցման ծրագիրը` երրորդ բաժինով 451 հայրենակիցներու նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելով: Այսպիսով իր աւարտին կը հասնի ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ աւելի քան 1900 հայրենակիցներ նիւթական աջակցութիւն ստացան մարմինէն: Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին կողմէ 451

Continue reading

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Կ՛օժանդակէ 1951 Բնակարաններու Նորոգութեան Աշխատանքին

Յարգելի՛ հայորդի, 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն քանի մը օր ետք, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին,  կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, որուն մաս կազմեցին լիբանանահայ երեք համայնքներու, երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները: Վերականգնումի մարմինը անմիջապէս անցաւ

Continue reading

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին եւ Հայկազեան Համալսարանի «Writing center»-ին, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, Չորեքշաբթի, 14 Յուլիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:00 տեղի ունեցաւ անգլերէնի ուսուցիչներու առցանց սեմինար մը՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ 8 վարժարաններէ 27 ուսուցիչներու։ Սեմինարին դասախօսն էր Միացեալ Նահանգներու Թենըսի նահանգի Memphis Community college-ի

Continue reading

Վարդավառի Եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան Կամ Պայծառակերպութեան Տօները Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Վարդավառի եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան զոյգ տօներուն առիթով կիրակի 11 յուլիս 2021-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց  եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը` անդրադառնալով կրկնակի առիթներուն, յայտնեց, թէ Վարդավառը հակաքրիստոնէական պատմական ժամանակներէն մեզի եկող յիշատակ մըն

Continue reading

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Երկրորդականի Ամավերջի Հանդէս 2020-2021

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Շահէ Արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 9 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի 12-րդ կարգի ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ վարժարանի Դիմատետրի էջով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը`

Continue reading

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 մայիս 2021-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 9 վարժարաններու 40 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով 2003 թուականին հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական

Continue reading

Ս. Նշանի Մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձի Նշում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, յընթացս Ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Առ այդ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ

Continue reading

Կրթական 2021-2022 Տարեշրջանի Մարտահրաւէրներու Պատրաստութեան Ժողով` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Շաբաթ, 26 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կրթական 2021-2022 տարեշրջանի մարտահրաւէրներու պատրաստութեան ընդլայնուած ժողով մը, որուն մասնակցեցան Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ, Առաջնորդարանի դիւանապետն ու Ուսումնական խորհուրդի գրասենեակին պատասխանատուն: Ժողովին սկիզբը, Ազգային

Continue reading

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Այս տարեշրջանին ե՛ւս` համավարակի ստեղծած պայմաններէ թելադրուած, Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը սահմանափակուեցաւ Ծաղիկ դասարանի վկայականներու բաշխման արարողութեամբ: Շաբաթ,19 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի հաւկթաձեւ շրջափակը ժամադրավայրն էր  2020-2021 տարեշրջանի մանկապարտէզի փոքրիկ աւարտականներու ծնողներու եւ հարազատներու տօնական համախմբումին: Ծաղիկներու հանդիսաւոր մուտքէն եւ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց

Continue reading