Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նոր Շրջանի Առաջին Նիստ
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 օգոստոս 2018-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու
Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Հինգշաբթի, 19 յուլիսի առաւօտուն Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը այցելեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր դիմաւորուեցան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին եւ անձնակազմին կողմէ: Վարժարանի սրահին մէջ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան` հաստատելով իր
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին
Շաբաթ, 30 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի ամավերջի հանդէսը` քոլեճի շրջափակին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան եւ «Սարդարապատ» յաղթերգի կշռոյթին տակ, կատարողութեամբ նախակրթարանի երգչախումբին, շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով բարձրացան բեմ ու գրաւեցին
Հաղորդագրութիւն
Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ազատ քուէարկութիւն` ընտրելու համար Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ ու ապահովական ուժերու անմիջական հսկողութեան ներքեւ: Ստորեւ կու տանք յառաջիկայ
Ազգային Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը Առիթ Հանդիսացաւ Դարձեալ Հաստատելու, Որ Մեր Ժողովուրդը Տէրն Է Իր Կեանքին
Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային քուէարկութիւն, ընտրելու համար թեմի Ազգային նոր երեսփոխանները: Յայտնենք, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը Լիբանանի հայոց թեմի օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովն է, բաղկացեալ` 42 երեսփոխաններէ, որոնցմէ 36-ը աշխարհական, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, իսկ 6 հոգեւորական երեսփոխաններ
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Առաջին Հունձքը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Ոգիով Լիցքաւորուած
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի երկրորդական դասարաններու ամավերջի հանդէսը: Շրջանաւարտներու սրահ մուտքով մեկնարկը տրուեցաւ յայտագիրին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միացեալ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գործադրուեցաւ
Հաղորդագրութիւն
Ահաւասիկ, Ազգային միացեալ վարժարանը բոլորեց իր կրթական անդրանիկ տարեշրջանը: 2017-2018 տարեփակի փուլին, բնական մղումով կը խորհրդածենք, որ թէեւ Ազգային վեց վարժարաններու միաւորման ընթացքը ունեցաւ բարեյաջող արդիւնք, սակայն միաժամանակ, անհրաժեշտ է յիշել, որ տարեշրջանի ընթացքին պարտաւորուեցանք դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք արդիւնք էին միջավայրի փոփոխութեան եւ առարկայական այլ գործօններու: Անկասկած, տարեշրջանի
«Մենք Ենք Ապագան»
Ազգային Միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուխտեցին անեղծ սիրով գուրգուրալ իրենց տունը դարձած Ազգային Միացեալ վարժարանին եւ կերտել հայու նկարագիր` շաղախուած լաւ մարդու օրինակով։ Տարիներ առաջ տեսիլը դարձաւ իրականութիւն, երբ հիմը դրուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին` մէկ յարկի տակ համապարփակելու վեց ազգային վարժարաններ, միացնելու վեցին ուժն ու կորովը, եռանդն ու աշխատանքը, որովհետեւ
Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում
Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիս 2018-ի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Լեւոն Թորոսեան, բարերարներ, հիւրեր եւ ծնողներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Վարժարանը բարձր
Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը
Երբ դար մը առաջ աննման հայ ազգին աննման հայ ժողովուրդը եւ անկրկնելի կամաւոր գունդերը 1918 մայիս 28-ի սխրագործութիւններով կերտեցին հայոց պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկը` հիմնելով ազատ, անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, այդ եւ յաջորդող սերունդները արդեօք կը յուսայի՞ն, որ հայը ամբողջ դար մը աշխարհի տարածքին այդ փառապանծ տօնը պիտի յիշէ ուրախութեամբ