Ջրօրհնէքով Փակում` Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Օրերուն

Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերու տօնին առիթով երկուշաբթի, 28 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն յաջորդեց ջրօրհնէք Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով: Արարողութեան նախագահեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան: «Այս օրը մեզ

Continue reading

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 17 փետրուար 2018-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան

Continue reading

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնին Նուիրուած Աղօթքի Օրերու Բացում

Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերու տօնին առիթով 14-28 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00 Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ կոյսերուն նուիրուած աղօթք, որուն աւարտին պիտի փոխանցուի պատգամ` թեմի քահանայ հայրերուն կողմէ: Արդարեւ,  երկուշաբթի, 14 մայիսին տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերուն նուիրուած աղօթքի օրերուն բացումը` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ

Continue reading

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 փետրուար 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը այս տարի եւս արժանացաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն բարձր գնահատանքին:

Continue reading

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտները Յարգեցին Ցեղասպանութեան Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երկուշաբթի, 23 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ Աւետարանական Թորոսեան

Continue reading

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Նշում Եւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Անցնող շաբաթավերջին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն էր: Առ այդ,  կիրակի, 22 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Յընթացս Ս. պատարագին Առաջնորդ Սրբազանը ձեռնադրեց եկեղեցւոյ ընտանիքին պատկանող 3 կիսասարկաւագներ եւ  2 սարկաւագներ:  Իր քարոզին մէջ

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Բ. Նիստ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը ու, համաձայն

Continue reading

Զատկուան Ս. Եւ Անմահ Պատարագ` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:                           

Continue reading

Վերջին Օծում Եւ Թաղման Կարգ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Նախկին Հոգեւոր Հովիւ Տ. Գուրգէն Քհնյ. Յովհաննէսեանի

Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին վախճանեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ նախկին բազմավաստակ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեան: Վերջին օծման եւ քահանայի յատուկ թաղման կարգը կատարուեցաւ շաբաթ, 31 մարտ 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Քահանայի վերջին օծման Ս.

Continue reading

Աւագ Ուրբաթը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ  Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ

Continue reading