Արտաքուստ Բարեզարդուած Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Պէտք Է Հաւատքի Արտայայտութեամբ Լսել Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին` Մեր Հոգիներուն Մէջ Արձագանգող Պատգամը» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը
Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնին եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ արտաքուստ բարեզարդման առիթով, անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 16 դեկտեմբերին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, որուն յաջորդեց ոչխարներու զենում եւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն: Կիրակի,
«Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-1:30, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն: Ուսումնական խորհուրդին անունով հայերէնով եւ անգլերէնով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սփիւռքի հայապահպանման հոլովոյթին մէջ
Ազգային Միացեալ Վարժարան. Ընթրիք` Ի Պատիւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն
Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմին, հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակից տարբեր գաղութներէ եկած կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն եւ հրաւիրեալներուն: Լիբանանի եւ Հայաստանի
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում
Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 25 նոյեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Կիրակի, 26 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:15-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացում
Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի յիշատակարանի հաստատման եւ նուիրատուներու ցուցատախտակներու բացման պաշտօնական հանդիսութիւն: Սրբազան հօր Տէրունական աղօթքէն եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեան աղօթքէն ետք, Ազգային
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Լիբանանի Նախագահական Պալատ
Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդականի եւ արհեստիցի աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմէքճեանին եւ ուսուցիչներուն, մեկնեցան Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին: Աշակերտները պալատ այցելելով` մօտէն իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Աւարտին, աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան
Աշխատավարձի Յաւելումներու Օրէնքին Գծով. Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Կրթական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչներու Հաւաք` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հաւաք` մօտէն հետեւելու աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքի որդեգրման զարգացումներուն եւ հաւաքաբար մտածելու առկայ բազմատեսակ հարցերու լուծումներուն մասին: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը
Լիբանանի Հայոց Թեմը Ընտրեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Իր Պատգամաւորները
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Գ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու
«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Հատորին Հանդիսաւոր Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորի շնորհահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Ս. Խաչը Հզօրութիւն Է Հաւատքի Ճամբան Բռնողներուն Համար» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը
Կիրակի, 29 հոկտեմբերը իւրայատուկ օր էր Լիբանանի հայոց թեմին մէջ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թեմի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին` Ս. Նշանը հանդիսաւոր արարողութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան` Գիւտ խաչի տօնը: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր