Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան-Մատրան Դիմաց
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2025-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչական հաւաք: Լիբանանի, Հայաստանի
Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Կիրակի, 27 ապրիլին նշուեցաւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Այս առիթով եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնեց Մատթէոսի Աւետարանի 28-րդ գլուխին մէջ նշուած համարը, որուն մէջ Յիսուս իր աշակերտներուն կը թելադրէ, որ
Ս. Զատկուան Պատարագ. «Մեր Այսօրուան Կեանքը Այնպէս Է, Ինչպէս Զայն Կերտեցին Մեր Նախնիները, Իսկ Մեր Վաղուան Կեանքը Պիտի Ըլլայ Այնպէս, Ինչպէս Որ Զայն Պիտի Կառուցենք Մենք` Մեր Այսօրուան Հաւատքով, Մեր Յաձնառութեամբ Ու Մեր Նուիրումով» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 20 ապրիլ 2025-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մէջբերում կատարելով Պօղոս առաքեալի եբրայեցիներուն գրած նամակէն` ըսաւ, որ Զատկական տօնին առիթով ի՜նչ
«Մեր Զաւակները Մեզի Նայելով` Բարեպաշտութիւն Եւ Աստուածավախութիւն Պիտի Սորվին» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, կիրակի, 13 ապրիլ 2025-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն յաջորդեց մանուկներու թափօր: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակը, աւելցնելով, որ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Մասնակցեցան Լիբանանահայ 12 Վարժարաններէ 73 Աշակերտներ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 29 մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքը: Մրցանքին մասնակիցները ողջունեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին այս տարի իրենց մասնակցութիւնը կը
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն
29-30 մարտ 2025-ին նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, շաբաթ, 29 մարտին մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կ. ե. ժամը 4:30-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, մասնակցութեամբ` եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ
«Հայ Աշակերտին Դերը Աւանդութիւններու Պահպանման Ու Զարգացման Մէջ» Նիւթով Սեմինար
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարուան» առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 22 մարտ 2025-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Հայ աշակերտին դերը աւանդութիւններու պահպանման ու զարգացման մէջ»:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Գարնան Առաջին Օրուան Նուիրուած Ընկերային Հաւաք` Ազգային Վարժարաններու Կրտսեր Աշակերտներու Համար
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 21 մարտ 2025-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի եւ առաջինէն երրորդ դասարաններու աշակերտներու միացեալ ընկերային հաւաքը` գարնան առաջին օրուան առիթով: Այս առիթով Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան
Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին Նախաձեռնութեամբ. Ուսուցչաց Տօնին Նշումը Ազգային Վարժարաններուն Մէջ
Մարտ 9-ը` Ուսուցչաց տօնը, այս տարի ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերը նշեցին առանձին հանդիպումներով: Ուրբաթ, 7 մարտի կէսօրին, նախ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ ապա Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ կատարուեցան առանձին հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան եւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տեմիրճեան: Զոյգ հանդիպումերուն բարի
Բարեկենդանի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդութիւններուն եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, ուրբաթ, 28 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00 Ազգային Միացեալ վարժարանը իր յարկին տակ նշեց Բարեկենդանի տօնը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ «Լաւագոյն ծպտուող»-ի մրցանք: Դատական կազմի անդամներն էին` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ եւ «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան, մանկական եւ