«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2026-ի Արդիւնքները
Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական շարադրական մրցանքը այս տարի տեղի ունեցաւ 21 փետրուար 2026-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէն: Մասնակից վարժարաններն էին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանահայ Վարժարաններու Միացեալ Հաւաք` Աւելի Քան 1200 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 ապրիլին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը միւռոնով օծեց արուեստագէտ հանգուցեալ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի վրձինին պատկանող երկու սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին արուեստագէտին քրոջ աղջկան`
Ամենահաստատունն Ու Տեւողը Աստուծոյ Հաւատքով Կառուցուածն Է
«Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ‚ որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան‚ որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի: Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ‚ նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա‚ ձեր կրած պէս-պէս փորձութիւններուն համար»: Ա. Պետրոսի 1:5-6 Զատկական տօնի բարեբաստիկ առիթով, Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Ա. Նամակէն վերցուած այս մտածումներով
Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութեամբ մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ
Թաղման Կարգը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազան Հայրը Աւագ շաբթուան առիթով իր գնահատանքը յայտնեց ժողովուրդին, որ ջերմեռանդութեամբ մասնակից է
Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանի Գաղթականներուն Զօրակցական Այցելութիւն Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն
Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով տեղահանուած գաղթականներուն զօրակցելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, Ազգային առաջնորդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի Նապաայի շրջանին մէջ գտնուող Ֆարհաթ մզկիթ, ուր ապաստանած են հարիւրաւոր գաղթականներ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ մզկիթի ներկայացուցիչ շէյխ Զայտ Ֆարհաթի եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ: Առաջնորդարանի պատուիրակութեան մաս
Ոտնլուայի Արարողութիւնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ջուրի եւ իւղի օրհնութիւնը կատարելէ ետք եւ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին` առաջնորդ սրբազանը ղենջակ կապած ու ծունկի գալով` լուաց 12 պատանիներու ոտքերը: Ապա Շահէ արք.
Խաւարման Կարգ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ: Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ մեր կեանքին մէջ Քրիստոսով ունինք այն լոյսը, որով մենք խաւարը կը շրջանցենք եւ պայծառ հորիզոնը մեր աչքին դիմաց տեսնելով, կը յարատեւենք ու կը հասնինք այն
Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Տարեցներու Ընկերային Հաւաք
Ս. Զատկուան տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ ու նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, երեքշաբթի, 31 մարտի կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բաժանմունքի











