«Օգնական Բուժքոյրերու Պատրաստութեան Ծրագիր»-ի Մասնակիցներու Վկայականի Տուչութիւն

Ներկայութեան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 6 մայիսին` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Սոյն ծրագիրին նախաձեռնուած էր Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին կողմէ` գործակցութեամբ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, նաեւ Ազգային առաջնորդարանի

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճը Հանգանակած Է 38.150 Տոլար Եւ 232.400.000 ԼՈ

  «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամբողջութեամբ վերանորոգուած մանկամսուրի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 29 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի,  նախագահութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիկեանի, ներկայութեամբ երեսփոխաններ` տէր եւ տիկին Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքս Մաթոսեանի, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեքս Մուրատեանի, ինչպէս

Continue reading

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Իրենց ողբացեալ մօր՝ ԶՈՒԱՐԹ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆԻ մահուան քառասունքին առիթով ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆՆԵՐ $ 25,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութիւնը, սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերար ամոլին եւ բարձրօրէն կը գնահատեն հայ աշակերտին աջակցելու համար անոնց ցուցաբերած

Continue reading

«Քրիստոսի Յարութիւնը Հիմնաքարն Է Քրիստոնէական Մեր Հաւատքին», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 17 ապրիլ 2022-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր համայնական կեանքը երկար ատենէ ի վեր բնականոն վիճակի մէջ չէ, սակայն

Continue reading

Յիսուսի Թաղման Թափօր

Աւագ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ

Continue reading

Զատկական Պատգամ

«ՏԷ՜Ր ԻՄ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ ԻՄ» Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Աստուծոյ, որ Զատկական տօնին առիթով, դարձեալ առիթ կ՛ընծայէ մեզի, քաղցրութեամբ ու խնդութեամբ զիրար ողջունելով ըսելու. – «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Անկասկած, տեսակաւոր խնդիրներու ùովէն անցնող Լիբանանահայ մեր կեանքը, այսօր կարիքը ունի նոր եւ յաղթական երթի եւ հետեւաբար, զատկական աւետիսը մեզ

Continue reading

Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւնը` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի 14 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ոտնլուայի արարողութեան հոգեպարար այս մթնոլորտին

Continue reading

Դռնբացէքի Արարողութիւնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն: Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ‚ որ Դռնբացէքի արարողութիւնը իւրայատուկ է մեր եկեղեցւոյ համար եւ բացատրեց‚ որ այս արարողութեան ընդմէջէն կը զգանք եւ կը

Continue reading

Ծաղկազարդի Տօնը` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ‚ որ տագնապներով լեցուն մեր կեանքին մէջ դարձեալ առիթ տուաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ նշելու

Continue reading

«Նախորդ Սերունդներուն Հաւատքով Կերտածը Անտարբերութեամբ Չքանդենք» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հասաւ Արաքս թաղի մուտքը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Յընթացս Ս. պատարագին,

Continue reading