Տեղի Ունեցաւ Ազգային Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը

Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցան Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդային ազատ քուէարկութեամբ, ընտրելու թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 նոր Ազգային աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ. «Եկեղեցին Պէտք Է Հաւատքի Ձգտում Ունեցող Ժողովուրդ Մը Ունենայ», Հաստատեց Շահէ Արք.

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի առիթով, կիրակի, 9 հոկտեմբերին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած բոլոր սպասաւորներուն համար: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնին, որ կը զուգադիպէր նոյն օրը,

Continue reading

Մեր Դպրոցները Իրենց Առաւելագոյնը Կ՛ընծայեն Մեր Ժողովուրդին Մէջ Հայրենիքը Ապրեցնելու Սրբազան Գործին

  Լիբանանեան սրտցաւ կացութեան մէջ, դպրոցական վերամուտ մը եւս կը դիմաւորենք եւ այս առիթով մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը դարձեալ կը հրաւիրենք դէպի հայ դպրոց, որպէսզի օր ըստ օրէ աւելի բարդացող ընկերային ու տնտեսական անօրինակ ծանր կացութեան դիմաց, նախ հոգեկան կեցուածքով ու միահամուռ մասնակցութեամբ պաշտպանենք հայ դպրոցը եւ ի խնդիր վաղուան մեր

Continue reading

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կիրակի, Հոկտեմբեր 23, 2022

Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք, որ Ազգային Երեսփոխաններու ընտրութեան համար, Կիրակի, Հոկտեմբեր 23, 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 5։00, Լիբանանի Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային քուէարկութիւն։ Քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ, առանց սեռի խտրութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք ամբողջացուցած են 18 տարիքը, վճարած

Continue reading

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

Մուսա Լերան հերոսամարտի 107-ամեակին առիթով կիրակի, 18 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբին: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն պատմական նուիրական առիթներուն, որոնց պատճառով ժողովուրդը համախմբուած է Այնճարի

Continue reading

Խաչվերացի Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Խաչվերացի տօնին առիթով, կիրակի, 11 սեպտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս կը խրատէր իր աշակերտները` անոնց յիշեցնելով, որ կեանքի պայմաններուն մէջ վերիվայրումներ կան, եւ անպայմանօրէն այդքան հեշտութեամբ մենք

Continue reading

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Եւ Սրբապատկերներու Օծում` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց խաղողօրհնէք: Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը կատարեց օծումը երկու սրբապատկերներու, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին Վահէ եւ Վիգի Պէքարեան ամոլին կողմէ` ի յիշատակ

Continue reading

Վարդավառի Տօնի Նշում Եւ Դպիրներու Ձեռնադրութիւն Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 24 յուլիսին, Վարդավառի տօնին առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ սրբալոյս նոր միւռոնը հանդիսաւորապէս ընծայուեցաւ ս. խորան, եւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Արդարեւ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ դպիր-դպրուհիներու եւ

Continue reading

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 4 յունիս 2022-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու 46 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով 2003 թուականին հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր

Continue reading

Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի 2021-2022-ի Հունձքը

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի 2021-2022 կրթական տարեշրջանը փակուեցաւ նախակրթարանի Զ. եւ երկրորդականի ԺԲ. դասարաններու վկայականաց բաշխումով, որուն ներկայ էին` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Փուչիկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Այնճարի եւ Զահլէի «Կարմիր Լեռ» եւ

Continue reading