«Յառաջ»-ի Գծագրական Ցուցահանդէսը «Մուսա Լեռ» Սրահին Մէջ

2021-2022 կրթական տարեշրջանի գծագրական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 8 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ: Բացման խօսքով տնօրէն Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ կրթական տարեշրջանի աւանդութիւն դարձած եզրափակիչ ձեռնարկներէն նկատուող գծագրական ցուցահանդէսը կը բխի վարժարանի  այն համոզումէն, որ աշակերտներու լիարժէք գնահատականը տրուած չ՛ըլլար առանց այս ցուցահանդէսին: Տնօրէնը նշեց,

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Շրջանաւարտներու Հինգերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդէսին, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ, ներկայ էին վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան

Continue reading

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 2 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Քասլիքի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին (Երկու տարի առաջ համավարակին եւ այլ դժուարութեանց պատճառով կարելի չէր եղած նշել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակը, անիկա նշուեցաւ այս տարի) նուիրուած ձեռնարկ`

Continue reading

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի 2021-2022 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24  յունիսի երեկոյեան, վարժարանին շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, Այնճարի եւ Զահլէի «Կարմիր Լեռ» եւ « Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, Ազգային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Այնճարի միութենական միաւորներու ու մարմիներու ներկայացուցիչներու,

Continue reading

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մանկապատանեկան «Նարեկացի» Երգչախումբը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 19 յունիսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հայոց առաջին եկեղեցւոյ` Ս. Էջմիածին մայր տաճարին, որուն տօնը կը զուգադիպէր 19 յունիսին: Ան

Continue reading

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 18 յունիսին տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւն: Մատաղի բարերարն էր Նոէլ եւ Գարոլին Փամպուքեան ամոլը, իսկ կիրակի, 19 յունիսին մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Իր քարոզին մէջ հայր

Continue reading

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերատնտեսական  ահաւոր տագնապին` Ազգային Միացեալ վարժարանի մանկապարտէզը 2021-2022 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդէսով յաջողեցաւ իր յարկին տակ ստեղծել ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը: Հինգշաբթի, 16 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին  մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը կը վայելէր Լիբանանի Հայոց Թեմի

Continue reading

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Եւ Օսի Քէսմէեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

  Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի Ս. Մանուկեան մանկապարտէզի 2021-2022 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 յունիսի երեկոյեան, քոլեճի սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, քոլեճի խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին, տնօրէնութեան, հոգեւոր հայրերու, ծնողներու եւ հարազատներու: Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներով, զորս խանդավառութեամբ կատարեցին մանկապարտէզի փոքրիկները: Ապա անոնցմէ մէկը

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 4 յունիս 2022-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 23 օգոստոս 1993-ին Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ նահատակուած ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան բացատրեց, որ շարադրութիւն գրել կը նշանակէ արտայայտուիլ մայրենի լեզուով,

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 2 յունիսին, վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեան Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, տիկնանց յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներու ծնողներու եւ հարազատներու: Հանդէսը սկիզբ առաւ շրջանաւարտներու

Continue reading