Պաշտօնապէս Կեանքի Կոչուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանը Լիբանանահայութեան Միտքի Ու Հոգիի Նորագոյն Դարբնոցը

Լիբանանահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ: Յաղթանակ մը, որ կը մարմնաւորէ անցեալէն եկած եւ մինչեւ 21-րդ դար հասած հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ձգտումը: Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան պանծալի ու հիասքանչ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ լոյսի ու գիտութեան շքեղ կառոյց մը, որ շուտով պիտի դառնայ լիբանանահայութեան միջնաբերդը,

Continue reading

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Օծման Եւ Գահակալութեան 20-Ամեակին Առիթով. Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբի Հանդիսաւոր Ելոյթը

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբին ելոյթը, ղեկավարութեամբ` մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի: Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային

Continue reading

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ` Սուրիահայ Աշակերտներու Եռամսեայ Դասընթացքի Բացում` Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Նախորդ տարիներու յաջողութենէն քաջալերուած, ուրբաթ, 18 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը սուրիահայ աշակերտներու կրթական դասընթացքին: Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս դասընթացքը կը նպատակադրէ շաբաթավերջերու անվճար դասընթացքներով օգնել Լիբանան ապաստանած սուրիահայ աշակերտներու կրթական դժուարութիւններու յաղթահարման:

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները: Այս անգամ այցելուները խումբ մը տիկիններ էին, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս եւ գործնապէս մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են ու կը կանգնին գաղութի կառոյցներու ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Ծանօթացման հանդիպումին հերթաբար իրենց խօսքերը արտասանեցին Ազգային վարչութեան ատենապետ

Continue reading

Լիբանանահայ Գաղութի Ներկայացուցիչները Մօտէն Ծանօթացան Ազգային Միացեալ Վարժարանին

Շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները, ներկայութեամբ` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմինի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, պետական երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց եւ

Continue reading

Պուրճ Համուտի Կառոյցներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչներու` Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի կառոյցներու եւ մարզական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու թաղական խորհուրդներու, մամուլի, հայրենակցական միութիւններու, ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ համալսարանական դասախօսներու: Հաւաքի սկզբնաւորութեան, ներկաները դիտեցին վարժարանի մասին տեսերիզ մը, ապա խօսք առին

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարան. Հանդիպում` Ազգային Առաջնորդարանի Բարեկամ Խումբ Մը Տիկիններու Հետ

Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները` ներկայութեամբ Ազգային առաջնորդարանի բարեկամ խումբ մը տիկիններու: Նախ եւ առաջ ցուցադրուեցաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն ընթացքը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան նկատել տուաւ, որ անցնող

Continue reading

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մեծ Ընտանիքը Արժանաւորապէս Նշեց Գիւտ Խաչի Տօնը

Կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Գիւտ Խաչի տօնին առիթով նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս.  Փանոսեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 4-րդ դարուն պատահած դէպքին, երբ Հեղինէ թագուհին գտաւ Քրիստոսի խաչափայտը եւ զայն արժանաւորապէս կանգնեցուց այն վայրին մէջ, ուր

Continue reading

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Տնօրէնը Կ՛արժանանայ «Մայրենիի Պաշտպան» Մրցանակին

Գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան արժանացաւ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակին` հայապահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար: «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակը, որ հաստատուած է 2010-ին, տարեկան կը շնորհուի անհատներու եւ հաստատութիւններու: Աւագեան կրթական իր երեսնամեայ վաստակին եւ հայ մամուլին մէջ քառորդ դարու

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր Ժամը 5:30-Ին,  Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ Շարունակուեցան Նոր Կառոյցի Ծանօթացման Եւ Հաստատութեան Ապագայ Ծրագիրներու Մասին Զեկուցական Հանդիպումները: Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն Անդրադարձող Տեսերիզի Ցուցադրութենէն Ետք Խօսք Առին Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, Հանգանակիչ Մարմինի Ատենապետ Վրէժ Սապունճեան Եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Հանդիպումէն Ետք Ներկաները

Continue reading