Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Վարժարաններուն` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Աշակերտական Հաւաք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի  աշակերտներու, երկուշաբթի, 22 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած աշակերտական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային

Continue reading

Ճիւնիի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Նոր Դամբարաններու Կառուցում Եւ Նորակառոյց Մատրան Խաչքարի Օծում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, հոգեւորականներու, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ներկայ ու նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, Ճիւնիի քաղաքապետին եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետին, մարզական, կրթական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու, նաեւ Ճիւնիի գերեզմանատան բարերար ընտանիքի անդամներ` Ժանին, Քլոտին եւ

Continue reading

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն Եւ Կիսասարկաւագաց Աստիճանի Տուչութիւն

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ճիւնիի ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, որմէ ետք թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր

Continue reading

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն Եւ «Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր» Գիրքի Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի 20-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 11 ապրիլին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքին 2022-2023 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը, նաեւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքին շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան

Continue reading

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան  ժամանեց եկեղեցւոյ կից գտնուող փողոցը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին` թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր Առաջնորդը մատուցեց ս.

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին. «Երջօ-Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոքրիկներու Ընկերային Հաւաք

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու ծուխերէն հաւաքուած շուրջ 125 փոքրիկներու ընկերային հաւաք: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ էին` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան,

Continue reading

Զատկուան Պաշտօնական Ընդունելութիւն Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Կիրակի, 31 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-10:30 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, տեղի ունեցաւ Ս. Զատկուան պաշտօնական ընդունելութիւն: Շնորհաւորութիւններ յայտնեցին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան,

Continue reading

Ս. Զատկուան Պատարագ. «Զատկական Աւետիսը Միայն Եկեղեցւոյ Մէջ Պիտի Չլսենք Ու Չապրինք, Այլ` Զայն Պէտք Է Զգանք Մեր Տուներուն, Մեր Ընտանիքներուն, Մեր Համայնական Կեանքի Վիճակներուն Մէջ» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 31 մարտ 2024-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ խորհրդալից է զատկական առաւօտուն մեր եկեղեցիներուն մէջ լսել յարութեան աւետիսը` նկատել

Continue reading

Թաղման կարգ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 29 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ

Continue reading

Խաւարման կարգ՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հսկումի այս պահը վստահաբար կը պարզէ առաւելաբար մեր աչքերուն տարակուսանքի, մահուան, տառապանքի պատկերներ, աւելցնելով, որ երբ կը գիտակցինք,

Continue reading