Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 13 փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, հետեւողութեամբ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հաստատուած աւանդութեան, հանդիսաւոր պայմաններով կը

Continue reading

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Մեկնարկ Եւ Անուանակոչութիւն

Կիրակի, 12 յունուար 2025-ին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան սրբալոյս միւռոնով օծեց արուեստագէտ Անի Քիւրքճեանին կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած սրբապատկերը: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ կ՛ոգեկոչենք

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Սուրբ Ծննդեան Տօնին Առիթով Մտերմիկ Ընկերային Հաւաք-Ճաշ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, շաբաթ, 11 յունուար 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան հաւաք-ճաշ` ներկայութեամբ 160 ազգայիններու: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան: Ան ըսաւ, որ անգամ

Continue reading

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Առաջնորդական Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

  Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայ հաւատացեալները Ս. Նշան մայր եկեղեցիէն ներս, ուր ան ներկայ հաւատացեալներուն ըսաւ, որ հաւաքուած ենք անսալով

Continue reading

«Ինչքա՜ն Մեծ Են Գործերդ, Տէ՛ր, Ինչքա՜ն Խորունկ Են Քու Խորհուրդներդ» (Սաղմոս 92:5 )

Աշխարհէն ներս Աստուծոյ մեծահրաշ յայտնութեան յիշատակն է այսօր: Այս առթիւ, Աւետարանին պատգամը մեզի փոխանցելով, մեր եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած, աւելի հասկնալի ըլլալու համար, այսօր աշխարհ կ՛իջնէ, որպէսզի իր աստուածային փառքին վերադարձնէ մարդը: Հետեւաբար, գէթ այսօր, պէտք է ուժգնօրէն զգանք, թէ տօնական առիթները միայն կերուխումի համար չեն, այլ հաստատուած

Continue reading

«Նարեկացի» Գրախանութի Ամանորի Հաւաքը

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի հովանին վայելող «Նարեկացի» գրատան, հինգշաբթի 26 դեկտեմբերին Նոր տարուան առիթով տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաք: Արդարեւ, 300 մանուկներ ու պատանիներ իրենց ծնողներով համախմբուած էին գրատան դիմաց` տօնելու Կաղանդը եւ անցընելու հաճելի պահեր: Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջին հերթին «Նարեկացի»

Continue reading

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

  Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2024-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր  սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն: Արդարեւ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ձեռամբ, թեմի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ ծառայող 13 կիսասարկաւագներ ստացան սարկաւագական ձեռնադրութիւն: Ժողովուրդին ուղղուած

Continue reading

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Անուանակոչութիւն

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, կիրակի, 15 դեկտեմբերին համանուն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Սրբազան Հայրը ժամանեց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին կողմէ եւ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի: Իր քարոզին

Continue reading

Հարիւրաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ»-Ի 7-րդ Ծրագիրը

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4  եւ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2024-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից գտնուող բաժանմունքի կեդրոնին մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով ընթացք առաւ «Տաքուկ ձմրան համար` անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը: Երկու օրերու ընթացքին առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00 բաժանմունքը անվճար մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Հոգեկան Ու Մտային Առողջութեան Պահպանման Նպաստող Հմտութիւններու Ձեռքբերման Մասին Դասախօսութիւններ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին եւ համագործակցութեամբ IDRAAC-ին եւ Help Age International-ին, 4-18 նոյեմբեր 2024 նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ գտնուող բաժանմունքէն ներս տեղի ունեցան հինգ յաջորդական նախազգուշական դասախօսութիւններ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 100 ազգայիններ: Այս դասախօսութիւնները կը շեշտեն հոգեկան ու մտային առողջութեան կարեւորութիւնը` քաջալերելով

Continue reading