Աւագ Հինգշաբթին` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, զոր կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Ոտնլուայի արարողութեամբ Քրիստոս իբրեւ սիրոյ պատուիրան թելադրեց

Continue reading

Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Ձեռնարկով Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր Եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» Սրահի Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, կիրակի, 25 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու շրջանաւարտներու կատարողութեամբ երաժշտական բարձր մակարդակի երեկոյ մը, որ նաեւ սրահին մէջ կազմակերպուած անդրանիկ ձեռնարկն էր: Ազգային

Continue reading

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ս. Պատարագ Մատուցեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին,  հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս նշեց Մեծ պահքի վերջին կիրակիին զուգադիպող Ծաղկազարդի տօնը: Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան իր քարոզը սկսաւ մէջբերելով

Continue reading

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Խաչի Օրհնութիւն Եւ Օծում

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 16 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հսկումի արարողութիւն եւ Ս. խաչի օրհնութիւն ու օծում` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներուն: Արդարեւ, յընթացս Հսկումի արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց եկեղեցւոյ նոր

Continue reading

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Եւ Մատաղօրհնէքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը

Քրիստոնէութեան տարածման պատմութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւ դարերէն մէկը չորրորդ դարն է, որովհետեւ այդ ժամանակահատուածին ժողովուրդներ եւ պետութիւններ պաշտօնապէս կ’ընդունին քրիստոնէութիւնը: Երբ քրիստոնէութիւնը կը ծաւալի, եկեղեցիներու միջեւ կը սկսի եղբայրական գործակցութիւն: Այս առումով քրիստոնէական կրօնին համար նահատակներ իրենց կեանքով ու օրինակով կը սրբագործուին եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը գտնեն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ 

Continue reading

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Առաջին Նիստ

Ուրբաթ, 9 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2018 տարեշրջանի անդրանիկ նիստը` ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն եւ Ազգային վարչութեան: Նիստին օրակարգին մաս կը կազմէին Ազգային միացեալ վարժարանի

Continue reading

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Միջինքի Առիթով. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնեայ Ըլլալ Կը Նշանակէ Դառնալ Հաւատարիմ Ու Խոնարհ Հետեւորդը Քրիստոսի»

Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Մեծ պահքի 24-րդ օրը կը կոչուի Միջինք` յիշեցնելու համար քրիստոնեայ հաւատացեալին, թէ պահքը հասած է իր կէսին: Այս առիթով հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ու Ազգային իշխանութեան եւ համաձայն Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած աւանդութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը

Continue reading

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 30-ամեակի Ոգեկոչում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ ներկայութեամբ հայ յարանուանութիւններու պետերուն, նաեւ պետական, կուսակցական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու, կիրակի, 25 փետրուար 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սումկայիթի եղեռնագործութեան 30-ամեակին առիթով, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող խաչքար-յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ

Continue reading

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան Այցելութիւնը Վեհափառ Հայրապետին

19 փետրուար 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Թեմին Ազգային վարչութիւնը մայրավանք եկած էր Լիբանանի հայ դպրոցներուն յառաջիկային դիմագրաւելիք նիւթական դժուարութիւններու նկատմամբ խորհրդակցելու վեհափառ հայրապետին հետ ու անոր թելադրութիւնները լսելու: Յայտնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումով ուսուցիչներու ամսականի զգալի յաւելումը բնականաբար իր

Continue reading

Լիբանանահայ Միջնակարգ Եւ Երկրորդական Վարժարաններու Աշակերտները Մասնակցեցան Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանքին

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 17 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: Ուսումնական խորհուրդի անունով Մարալ Մխսեան աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն մրցանքը

Continue reading