Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»
Հայկական դպրոցներու կողմէ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն կատարուած այցելութիւնները դարձած են տարիներու աւանդութիւն: Սակայն հետզհետէ անոնք սկսած են աւելի հետաքրքրական դառնալ ի տես «Ազդակ»-ի ծաւալած աշխատանքին, բովանդակութեան, ընդգրկած բաժիններուն եւ արհեստագիտական նորութիւններուն մասին աշակերտներուն ունեցած տեղեկութիւններուն: «Ազդակ» օրաթերթին եւ անոր աշխատանքներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Ը. դասարանի աշակերտները
Տօնախմբութեան Մթնոլորտ` Լէյլաւանի Մէջ. Օծում` Ֆանարի Մատրան Նորակառոյց Մկրտարանի
Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ֆանարի շրջանի հայութեան համար: Արդարեւ, շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, մատրան կողքին գտնուող շրջափակին մէջ տիրեց ընկերային ճոխ մթնոլորտ մը: Շրջանին մէջ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը
Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութիւններով եւ դասարանային աշխատանքներով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր, գրական, գիտական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօը: Նախակրթարանի Տօնակատարութիւն Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն տօնակատարութիւնը: Առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները անգամ մը եւս
Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Ս. Պատարագ
Տարիներու աւանդութեան հաւատարիմ, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով հանդիսաւոր Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմին մէջ գործող հետեւեալ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներն ու ուսուցիչները`
Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի Յիշատակին
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԶ. տարելիցին առիթով: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ցաւակցական ընդունելութիւն: Սրբազան Հայրը խօսք առնելով ըսաւ,
Լիբանանահայ 25 Ուսանողներ Հայաստանի Համալսարաններուն Մէջ
Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններէ 13 շրջանաւարտներ, ֆոնտին աջակցութեամբ, իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը պիտի շարունակեն հայաստանեան համալսարաններու մէջ: Անոնք կը միանան անցեալ տարեշրջանին ֆոնտին շնորհիւ Հայաստան մեկնած 12 այլ շրջանաւարտներու` Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն
Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ Բացումը Կատարեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Համակարգիչի Սրահին, Ե-Գրադարանին Եւ Արդիական Սարքերուն
Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ, որպէսզի բացումը կատարէ հաստատութեան կողմէ վարժարանին տրամադրուած «Ինթըր-էքթիւ պորտ»-երու, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին: Լէյլա Սոլհ – Համատէն դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի
Մեծ Շուքով Եւ Հանդիսութեամբ Հնչեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յոյս Եւ Լոյս Ներշնչող Անդրանիկ Զանգը
25 սեպտեմբեր 2017-ը լիբանանահայ գաղութի նոր իրագործումներուն մէջ իւրայատուկ եւ անկիւնադարձային թուական մըն է, որովհետեւ արդիական եւ գեղեցիկ վարժարան մը ունենալու երազը վերջապէս դարձած է իրականութիւն, երբ մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ հնչեց Ազգային միացեալ վարժարանի անդրանիկ զանգը: Յոյս եւ լոյս ներշնչող այս կառոյցը ո՛չ միայն Ազգային առաջնորդարանին, այլ նաեւ գաղութին
Անդրանիկ Ժողով Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէն Խորհուրդի, Ուսուցչական Կազմի Եւ Կրթական Պատասխանատուներու
Չորեքշաբթի, 23 օգոստոս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի տնօրէն խորհուրդի, ուսուցչական կազմի եւ կրթական պատասխանատուներու անդրանիկ ժողովը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Հաւաքին խօսք առաւ թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Ազգային միացեալ վարժարանի ծրագիրը աւելի քան քսան
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան
Երկուշաբթի, 10 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Ազգային իշխանութիւններու անդամներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին կողմէ: Նախարար Յակոբեան շրջագայեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալու նորակառոյց կրթօճախին: Ապա վարժարանի սրահին