Հաղորդագրութիւն. Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ազգային Վարժարաններու Միաւորման Օրակարգով Գումարեց Արտակարգ Նիստ Մը
Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի արտակարգ նիստ մը` ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական խորհուրդի անդամներուն: Նիստի
Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողով. Սրբոց Վարդանանց Տօնին Նուիրուած Հրապարակային Հանդիսութիւն
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին նուիրուած հրապարակային հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երսեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախկին
Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Հանդիսաւոր Նշում
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով` հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբութեան մթնոլորտ կը տիրէր: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին շրջան հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ աղ ու հացով դիմաւորուեցաւ Նորաշէն թաղի մուտքին, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Ս. պատարագին, որ
Ազգային Վարժարաններու Աշակերտական Վարդանանց Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երկուշաբթի, 20 փետրուար 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ: Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Արազ Էլէյճեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հանդիսութիւնը ազգային
Տեառնընդառաջը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Մեր Կեանքին Օրինակով Ուղղութիւն Տանք Մեր Զաւակներուն» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան
Երկուշաբթի, 13 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը այն առիթն է, որուն ընդմէջէն կը նշենք Քրիստոսի տաճար
Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով` Նոր Սիսի շրջանին մէջ 11 եւ 12 փետրուարին տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն: Առ այդ, շաբաթ, 11 փետրուարին առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ տօնախմբութեան պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին նախ «Բարեւ
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2017 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2017 տարեշրջանի Ա. նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին
Ազգային Առաջնորդարան Լիբանանի Հայոց. Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Երկուշաբթի, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով փոխանցելու իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան Լիբանանի հայոց թեմի անցնող տարուան աշխատանքները,
Ուսումնական Խորհուրդ. Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցում
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը այս տարի եւս կազմակերպեց նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը` լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու համար: Մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 յունուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ: Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտներուն, անդրադարձաւ արցախեան
Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Առիթ` Վերանորոգման Կոչը Իրականութեան Վերածելու Հրամայականը Շեշտելու
Անցնող շաբաթավերջին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, ուրբաթ, 13 յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում: Շաբաթ, 14 յունուարի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Կիրակի, 15 յունուարի առաւօտեան, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղի մուտքին