Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Ոգեկոչական Հանդիպում Բազմավաստակ Կրթական Մշակ, Մշակոյթի Նուիրեալ` Գեղանի Էթիէմէզեանի Յիշատակին

Բազմավաստակ կրթական մշակ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գեղանի Էթիէմէզեանի մահուան քառասունքին առիթով կիրակի, 20 նոյեմբեր 2022-ին Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, Ազգային վարժարաններու տնօրէններու

Continue reading

Նորընտիր Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Անդրանիկ Նիստ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ԸՆՏՐԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի նորընտիր Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման բարի գալստեան խօսքէն ետք, ժողովը յառաջացուց իր մնայուն դիւանը ատենապետ ընտրելով Տիար՝ Վիգէն Աւագեանը,

Continue reading

«Գիւտ Խաչի Տօնը Մեզի Կը Յիշեցնէ, Որ Հրաշքը Հաւաքտէն Կը Ծնի Եւ Կը Վերածուի Առաքինի Գործերու», Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի միասնաբար յիշատակենք Քրիստոսի խաչափայտին

Continue reading

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Ատամնաբոյժի Օգնականներ Պատրաստելու Ծրագիր Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ, Սէն Ժոզէֆ Համալսարանը պիտի ձեռնարկէ ատամնաբոյժի օգնականներ պատրաստելու մասնաւոր ծրագիրի մը, որուն կրնան մասնակցիլ ատակ հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ: Ծրագիրը ամբողջացնողները, պիտի կարենան ատամնաբուժական հաստատութեան մը մէջ դիւրութեամբ ստանձնել գրասենեակային աշխատանքներ եւ

Continue reading

Հաղորդագրութիւն

Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի Հայոց Թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ազատ քուէարկութիւն` ընտրելու համար Ազգային Երեսփոխանական ժողովին համար 36 աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ ապահովական ուժերու անմիջական հսկողութեան ներքեւ: Ստորեւ կու տանք

Continue reading

Տեղի Ունեցաւ Ազգային Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը

Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցան Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդային ազատ քուէարկութեամբ, ընտրելու թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 նոր Ազգային աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ. «Եկեղեցին Պէտք Է Հաւատքի Ձգտում Ունեցող Ժողովուրդ Մը Ունենայ», Հաստատեց Շահէ Արք.

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի առիթով, կիրակի, 9 հոկտեմբերին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած բոլոր սպասաւորներուն համար: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնին, որ կը զուգադիպէր նոյն օրը,

Continue reading

Մեր Դպրոցները Իրենց Առաւելագոյնը Կ՛ընծայեն Մեր Ժողովուրդին Մէջ Հայրենիքը Ապրեցնելու Սրբազան Գործին

  Լիբանանեան սրտցաւ կացութեան մէջ, դպրոցական վերամուտ մը եւս կը դիմաւորենք եւ այս առիթով մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը դարձեալ կը հրաւիրենք դէպի հայ դպրոց, որպէսզի օր ըստ օրէ աւելի բարդացող ընկերային ու տնտեսական անօրինակ ծանր կացութեան դիմաց, նախ հոգեկան կեցուածքով ու միահամուռ մասնակցութեամբ պաշտպանենք հայ դպրոցը եւ ի խնդիր վաղուան մեր

Continue reading

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կիրակի, Հոկտեմբեր 23, 2022

Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք, որ Ազգային Երեսփոխաններու ընտրութեան համար, Կիրակի, Հոկտեմբեր 23, 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 5։00, Լիբանանի Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային քուէարկութիւն։ Քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ, առանց սեռի խտրութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք ամբողջացուցած են 18 տարիքը, վճարած

Continue reading