Ծաղկազարդի Եւ Ս. Յարութեան Տօներուն Առիթով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Հաւաք

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, շաբաթ, 1 ապրիլ 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան զոյգ տօներուն առիթով փոքրերու յատուկ յայտագիր` ներկայութեամբ կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի,

Continue reading

Դպրեվանքի Սաներուն Մասնակցութեամբ Հսկումի Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 24 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն: Խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութեան երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հսկումի արարողութեան հաւատացեալ հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան: Եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան նկատել տուաւ, որ

Continue reading

Ծաղկազարդէն-Զատիկ Լիբանանի Եկեղեցիներէն Ներս Միաբան Հայրերու Մասնակցութեան Ցուցակ

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ – Կիրակի, Ապրիլ 2, 2023 – Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցի` Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան – Սուրբ Յակոբ Եկեղեցի, Էշրէֆիէ` Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան – Սուրբ Յով. Կարապետ Եկեղեցի` Առաքել Աբղ. Գատէհճեան – Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի, Ռմէյլ` Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան – Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի, Հաճըն` Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան –

Continue reading

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 18 մարտին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը կը վաճառէին ուտելիքներ: Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին

Continue reading

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ին, առաւօտեան  ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւնները խաղաղ մթնոլորտի մէջ, ազատ ու ժողովրդավարական սկզբունքներով: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն հետեւելու նպատակով Ազգային վարչութեան անդամներն ու Ազգային առաջնորդարանի

Continue reading

Ուսուցչաց տօն

Ուսուցչաց տօնին առիթով դարձեալ քաղցր բախտը կ’ունենանք մտածելու անոնց մասին, որոնք նուիրումով ու ծառայութեամբ, մեր դպրոցներուն ճամբով, վաղուան կեանքին համար կը պատրաստեն մեր ժողովուրդի զաւակները: Պատահականութիւն չէ Ուսուցչաց տօնը եւ ոչ ալ` արհեստականօրէն ստեղծուած առիթ: Ընդհակառա՛կը, ան կու գայ մեր ընկերութեան երախտաւոր գիտակցութենէն` հանդէպ այն նուիրեալներուն, որոնք` իբրեւ դաստիարակներ, ոչ

Continue reading

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը ուրբաթ, 17 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց 2023 տարուան իր առաջին ժողովը` քննելու համար ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի աշխատանքները եւ ընտրելու համար յառաջիկայ երկամեակի Ազգային նոր վարչութիւնն ու Կրօնական ժողովը: Ժողովը բացուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.

Continue reading

«Այսօր Վարդանանք Մեզ Կը Հրաւիրեն Իրենց Հաւատքը Հռչակելու Մեր Կեանքին Մէջ Եւ Յիշելու, Որ Մենք Մեռնիլ Չգիտցող Ազգի Մը Զաւակներն Ենք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, նաեւ Նորաշէնի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի կողմէ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը սարկաւագութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Արամ եւ Տիգրան Քեպապճեաններուն: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ աղօթքով

Continue reading