Պատարագ` Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակի, 12 Փետրուարին Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. Պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց երկար տարիներ մատրան ծառայող, դպրապետ Վարդգէս Ղազարեանին: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում կատարեց Պետրոս առաքեալի գրած առաջին նամակէն, որ ուղղուած

Continue reading

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց 2023 տարուան իր առաջին ժողովը` քննելու համար ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի աշխատանքները եւ ընտրելու համար յառաջիկայ երկամեակի Ազգային նոր վարչութիւնն ու Կրօնական ժողովը: Ժողովը բացուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.

Continue reading

Ս. Սարգիս Տօնին Առիթով Տօնախմբութիւն Եւ Ս. Պատարագ

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, շաբաթ` 4 փետրուարին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տօնակատարութեան յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ փառատօն: Եկեղեցւոյ կից տեղադրուեցան կրպակներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը,

Continue reading

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիին. «Պէտք Է Բարոյականն Ու Աստուածայինը Առաջանորդեն Մեր Ձգտումները, Իսկ Մեր Ուշադրութիւնը Պարտինք Ուղղել Մեր Զաւակներուն», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Կիրակի, 15 յունուար 2023-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ

Continue reading

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ Ս. Ծնունդը պատմութեան ամէնէն լուսաւոր տեսիլքն է: «Այսօր Աստուած երկինքէն

Continue reading

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Առանց սիրոյ զգացումին, կարելի չէ ճանչնալ զԱստուած «Հոն մանուկ մը պիտի գտնէք` խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած»: Ղուկաս 2։12 Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման պահն է դարձեալ։ Այս առթիւ, նախ փառք կու տանք Ամենակալին, որ առիթ կ’ընծայէ մեզի, Ս. Ծննդեան աւետիսը փոխանցելու Լիբանանահայ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Այսօր, կեանքի մեծ

Continue reading

Հրաժեշտի Պատարագ` Խաչիկ Ա. Քհնյ. Միսիրեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 25 դեկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ իր 45-ամեայ ծառայութեան աւարտին հրաժեշտի պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը օրինակ բերաւ Մատթէոսի աւետարանի 9-րդ գլուխին մէջ գրուած դրուագ մը, որ նախ

Continue reading

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօն

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի սարկաւագներուն, կիրակի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ բնաւ չէ յիշատակուած, թէ Ս. Ստեփանոս

Continue reading

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ` 17 եւ կիրակի` 18 դեկտեմբերին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա` մատաղի պատրաստութիւն, իսկ երեկոյեան կատարուեցաւ ժամերգութիւն: Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:15-ին եկեղեցւոյ կից մայր պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի

Continue reading