Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

Մուսա Լերան հերոսամարտի 107-ամեակին առիթով կիրակի, 18 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբին: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն պատմական նուիրական առիթներուն, որոնց պատճառով ժողովուրդը համախմբուած է Այնճարի

Continue reading

Խաչվերացի Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Խաչվերացի տօնին առիթով, կիրակի, 11 սեպտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս կը խրատէր իր աշակերտները` անոնց յիշեցնելով, որ կեանքի պայմաններուն մէջ վերիվայրումներ կան, եւ անպայմանօրէն այդքան հեշտութեամբ մենք

Continue reading

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Եւ Սրբապատկերներու Օծում` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց խաղողօրհնէք: Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը կատարեց օծումը երկու սրբապատկերներու, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին Վահէ եւ Վիգի Պէքարեան ամոլին կողմէ` ի յիշատակ

Continue reading

Վարդավառի Տօնի Նշում Եւ Դպիրներու Ձեռնադրութիւն Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 24 յուլիսին, Վարդավառի տօնին առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ սրբալոյս նոր միւռոնը հանդիսաւորապէս ընծայուեցաւ ս. խորան, եւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Արդարեւ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ դպիր-դպրուհիներու եւ

Continue reading

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 4 յունիս 2022-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու 46 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով 2003 թուականին հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր

Continue reading

Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի 2021-2022-ի Հունձքը

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի 2021-2022 կրթական տարեշրջանը փակուեցաւ նախակրթարանի Զ. եւ երկրորդականի ԺԲ. դասարաններու վկայականաց բաշխումով, որուն ներկայ էին` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Փուչիկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Այնճարի եւ Զահլէի «Կարմիր Լեռ» եւ

Continue reading

«Յառաջ»-ի Գծագրական Ցուցահանդէսը «Մուսա Լեռ» Սրահին Մէջ

2021-2022 կրթական տարեշրջանի գծագրական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 8 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ: Բացման խօսքով տնօրէն Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ կրթական տարեշրջանի աւանդութիւն դարձած եզրափակիչ ձեռնարկներէն նկատուող գծագրական ցուցահանդէսը կը բխի վարժարանի  այն համոզումէն, որ աշակերտներու լիարժէք գնահատականը տրուած չ՛ըլլար առանց այս ցուցահանդէսին: Տնօրէնը նշեց,

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Շրջանաւարտներու Հինգերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդէսին, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ, ներկայ էին վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան

Continue reading

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 2 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Քասլիքի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին (Երկու տարի առաջ համավարակին եւ այլ դժուարութեանց պատճառով կարելի չէր եղած նշել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակը, անիկա նշուեցաւ այս տարի) նուիրուած ձեռնարկ`

Continue reading

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի 2021-2022 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24  յունիսի երեկոյեան, վարժարանին շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, Այնճարի եւ Զահլէի «Կարմիր Լեռ» եւ « Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, Ազգային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Այնճարի միութենական միաւորներու ու մարմիներու ներկայացուցիչներու,

Continue reading