Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ին, առաւօտեան  ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւնները խաղաղ մթնոլորտի մէջ, ազատ ու ժողովրդավարական սկզբունքներով: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն հետեւելու նպատակով Ազգային վարչութեան անդամներն ու Ազգային առաջնորդարանի

Continue reading

Ուսուցչաց տօն

Ուսուցչաց տօնին առիթով դարձեալ քաղցր բախտը կ’ունենանք մտածելու անոնց մասին, որոնք նուիրումով ու ծառայութեամբ, մեր դպրոցներուն ճամբով, վաղուան կեանքին համար կը պատրաստեն մեր ժողովուրդի զաւակները: Պատահականութիւն չէ Ուսուցչաց տօնը եւ ոչ ալ` արհեստականօրէն ստեղծուած առիթ: Ընդհակառա՛կը, ան կու գայ մեր ընկերութեան երախտաւոր գիտակցութենէն` հանդէպ այն նուիրեալներուն, որոնք` իբրեւ դաստիարակներ, ոչ

Continue reading

«Այսօր Վարդանանք Մեզ Կը Հրաւիրեն Իրենց Հաւատքը Հռչակելու Մեր Կեանքին Մէջ Եւ Յիշելու, Որ Մենք Մեռնիլ Չգիտցող Ազգի Մը Զաւակներն Ենք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, նաեւ Նորաշէնի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի կողմէ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը սարկաւագութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Արամ եւ Տիգրան Քեպապճեաններուն: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ աղօթքով

Continue reading

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Երկուշաբթի, 13 Փետրուարի, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն: Հաւատացեալ ժողովուրդին յղած իր հայրական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ Տեառնընդառաջ բառը կը նշանակէ ընդառաջ երթալ Տէրը դիմաւորելու համար: աւելցնելով, որ Մեծ

Continue reading

Պատարագ` Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակի, 12 Փետրուարին Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. Պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց երկար տարիներ մատրան ծառայող, դպրապետ Վարդգէս Ղազարեանին: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում կատարեց Պետրոս առաքեալի գրած առաջին նամակէն, որ ուղղուած

Continue reading

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց 2023 տարուան իր առաջին ժողովը` քննելու համար ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի աշխատանքները եւ ընտրելու համար յառաջիկայ երկամեակի Ազգային նոր վարչութիւնն ու Կրօնական ժողովը: Ժողովը բացուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.

Continue reading

Ս. Սարգիս Տօնին Առիթով Տօնախմբութիւն Եւ Ս. Պատարագ

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, շաբաթ` 4 փետրուարին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տօնակատարութեան յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ փառատօն: Եկեղեցւոյ կից տեղադրուեցան կրպակներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը,

Continue reading